Փաշազատէ Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցած է Հռոմի Պապին հետ
Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ, շէյխ-ուլ-իսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցած է Հռոմի Պապին հետ։
Ազերպայճանական լրասփիւռներու համաձայն՝ հանդիպումը տեղի ունեցած է Քահանայապետին անձնական հրաւէրով։
Անոր մասնակցած են շէյխ-ուլ-իսլամ Փաշազատէն եւ Ազերպայճանի մէջ գործող կրօնական համայնքներու առաջնորդներ՝ Ազերպայճանի մէջ Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաքելական կառավարիչը, Լեռնային հրեաներու համայնքի ղեկավարը, աղուանա-ուտիական քրիստոնէական համայնքի նախագահը, ինչպէս նաեւ Պաքուի սեֆարտական հրեաներու կրօնական համայնքի ղեկավարը։