Սելանիկի մէջ բացուած է «Յունական եւ հայկական դիցաբանութիւնը երեխաներու աչքերով» ցուցահանդէսը

Սել-1

Սելանիկի քաղաքապետարանին եւ Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, քաղաքապետարանի մեծ սրահին մէջ բացուած է «Յունական եւ հայկական դիցաբանութիւնը երեխաներու աչքերով» խորագրով ցուցահանդէսը։

Հոն ներկայացուած են հայաստանեան արուեստի դպրոցներու 5-18 տարեկան սաներու շուրջ 100 ստեղծագործութիւններ։

Բացման ելոյթներով հանդէս եկած են դեսպան Տիգրան Մկրտչեանը եւ Սելանիկի փոխքաղաքապետ Սփիրոս Ցելեփիսը։ Դեսպանը կարեւոր համարած է մշակութային այս նախաձեռնութիւնը՝ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու բարեկամութիւնը սերտացնելու եւ զիրար աւելի լաւ ճանչնալու առումով։ Փոխքաղաքապետը իր կարգին ընդգծած է, որ այս միջոցառումը կը նպաստէ յոյն հասարակութեան հայկական դիցաբանութեան աւելի մօտէն ծանօթանալուն, որ այժմ քիչ ծանօթ է։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Փետրուար ամսուան վերջաւորութիւնը։