ՀՀ փոխնախարարը Փարիզի մէջ մասնակցած է OECD Eurasia Week 2026 համաժողովին
Հայաստանի Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարի տեղակալ Ռուբէն Սիմոնեան Փարիզի մէջ մասնակցած է Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան (OECD) «Եւրասիական շաբաթ 2026» համաժողովին։
Սիմոնեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուցած է Հայաստանի փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու (ՓՄՁ) թուային վերափոխման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները, ինչպէս նաեւ արհեստական բանականութեան եւ ենթակառոյցներու զարգացման ծրագրերը (ներառեալ՝ համագործակցութիւնը AWS-ի եւ NVIDIA-ի հետ, «Ազնաւուր» գերհամակարգչային կեդրոնը)։
Համաժողովի շրջանակին մէջ տեղի ունեցած են հանդիպումներ OECD-ի ղեկավարութեան հետ, եւ համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են համագործակցութեան հետագայ խորացման վերաբերեալ։