Դեսպան Խաչատրեանն ու Պրիւնօ Ֆուքսը քննարկած են Հայաստան-Ֆրանսա համագործակցութեան ընդլայնման հարցեր
Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արման Խաչատրեանը հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Պրիւնօ Ֆուքսի հետ։
Կը նշուի, որ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ֆրանքեւհայկական ամուր բարեկամութեան վրայ հիմնուած՝ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ռազմավարական բնոյթ ունեցող բազմոլորտ համագործակցութեան ընդլայնման։ Ընդգծուած է այդ գործին մէջ խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերին կարեւորութիւնը եւ Հայաստանի ու Ֆրանսայի Ազգային ժողովներուն միջեւ հաստատուած սերտ համագործակցութիւնը։
Կը հաղորդուի, որ միտքեր փոխանակուած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը հարցերու շուրջ։ Դեսպան Խաչատրեանը զրուցակցին ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած Ուաշինկթընեան համաձայնութիւնները եւ անոնց շրջանակին մէջ TRIPP ծրագրի իրագործման ընթացքը։