«Թոյլ պիտի չտամ Կաթողիկոսութիւնը Հայաստանէն դուրս տանելու՝ Էջմիածնի գանձերուն հետ մէկտեղ. Հակազդեցութիւնը՝ շատ կոշտ պիտի ըլլայ»

Փաշ - Թոյլ չեմ տալու

“Ես թոյլ պիտի չտամ Կաթողիկոսութիւնը Հայաստանէն դուրս տանելու՝ Էջմիածնի գանձերուն հետ միասին։ Եթէ հարկ ըլլայ, միջոցներու պիտի ձեռնարկուին”։

Այս մասին լրագրողներու հետ Փետրուար 13-ին ունեցած կարճ զրոյցին ընթացքին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

“Հայաստանէն դուրս Եպիսկոպոսաց ժողով կազմակերպելու նախաձեռնութեան նպատակը՝ Հայ եկեղեցւոյ կաթողիկոսութիւնը Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս հանելն է, որոշ ուժերու ձեռքին խամաճիկային Կաթողիկոսութեան հանգամանքը ուժեղացնելը եւ զայն ընդդէմ Հայաստանի իբրեւ գործիք օգտագործելը։

Ես կը զգուշացնեմ Սփիւռքի որոշ ներկայացուցիչները, որ այս դաւադիր ծրագրին մէջ ներգրաւուիլը լրջօրէն կը հարուածէ Հայաստանի պետական անվտանգութիւնը. Հայաստանը չի պատրաստուիր դիտորդի նման հետեւիլ, շատ կոշտ հակազդեցութիւն պիտի ըլլայ։ Բարերարի դիմակին տակ թաքնուած եւ Էջմիածնի գանձերուն ետեւէն ինկածներուն, անոնց վրայ աչք տնկողներուն հայեացքը պիտի ուղղենք այլ կողմ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հասու բոլոր միջոցներով”,— ըսած է Փաշինեան։