ՊՈԼԻՍ – Կեանքէն հեռացած է պոլսահայ գրականութեան նորարար ձայներէն՝ տոքթ․ Իգնա Սարըասլան

Իգնա

Փետրուար 13-ին, Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է արդի պոլսահայ գրականութեան ամենաինքնատիպ դէմքերէն մէկը՝ բժիշկ եւ բանաստեղծ տոքթ. Իգնա Սարըասլան։ Ան 81 տարեկան էր։

1945-ին Պոլիս ծնած Իգնա Սարըասլան, նախնական կրթութիւնը ստացած է Մխիթարեան վարժարանի յարկին տակ, որմէ ետք բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Պոլսոյ համալսարանէն ներս՝ մասնագիտանալով բժշկական տարրալուծման (pathology) ոլորտին մէջ։

Թէեւ ան ծանօթ եւ յարգուած բժիշկ-ախտաբան մըն էր, սակայն իր մասնագիտական պարտաւորութիւններուն զուգահեռ, անբաժան մնացած է գրականութենէն եւ հայ մամուլէն։ 

Գրական ասպարէզ մուտք գործած է վաղ հասակին՝ երբ դեռ14 տարեկան պատանի էր։ Այնուհետեւ, տասնամեակներ աշխատակցած է պոլսահայ մամուլին՝ ստորագրելով քերթուածներ, գրական յօդուածներ եւ թարգմանութիւններ։ Յատկանշական է իր հրապարակագրական վաստակը, որուն մաս կը կազմեն շարք մը տեսակցութիւններ համաշխարհային դէմքերու հետ, որոնց կարգին՝ Սրբազան Պապին, Աննա Ասլանի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ երեւելի երաժիշտներու եւ բանաստեղծներու հետ։

Տոքթ. Սարըասլան կը համարուի պոլսահայ նորարար բանաստեղծութեան վերջին մեծ ներկայացուցիչներէն։ Օժտուած էր երկլեզու ստեղծագործելու բացառիկ տաղանդով՝ հաւասարապէս տիրապետելով թէ՛ հայերէնին եւ թէ՛ թրքերէնին։ Իր գրականութիւնը, որ յատկանշուած է լեզուական նրբութեամբ եւ պատկերաւոր մտածողութեամբ, սահման չէ ճանչցած. անոր քերթուածները թարգմանուած են աւելի քան 14 լեզուներու եւ տեղ գտած՝ միջազգային բազմաթիւ ժողովածուներու ու դասագիրքերու մէջ։

Իր թրքերէն քերթուածները, որոնք լոյս տեսած են թրքական գրական պարբերաթերթերու մէջ եւ սփռուած ձայնասփիւռի կայաններէն, տեղ գտած են ծաղկաքաղերու եւ թրքերէնի ու թրքերէն գրականութեան դասագիրքերու մէջ։ Ան առաջին եւ միակ հայագիր հեղինակն է, որ ընտրուած է Թուրքիոյ Գրողներու միութեան անդամ, ինչպէս նաեւ՝ Համաշխարհային գրողներու միութեան Պատուոյ խորհուրդի անդամ։

Իր գրական ուղիին ընթացքին արժանացած է կարեւոր մրցանակներու։

Բժիշկ Սարըասլան վերջին տարիներուն կը դիմագրաւէր առողջական լուրջ խնդիրներ։ Քովիտ-19-ի համաճարակը ծանր ազդեցութիւն ունեցած էր անոր վրայ, իսկ վերջին ամիսներուն ան կը գտնուէր բժիշկներու մշտական հսկողութեան տակ։ Ցաւօք, յառաջացած բարդութիւնները կարելի չէ եղած յաղթահարել։

Տոքթ. Իգնա Սարըասլանի կորուստը ծանր տերեւաթափ մըն է թէ՛ պոլսահայ համայնքին եւ թէ՛ ընդհանրապէս հայ մշակութային կեանքին համար։

Յիշատակն արդարոց՝ օրհնութեամբ եղիցի։