Փաշինեան պիտի մասնակցի Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստին
Վարչապետ Փաշինեան ընդունած է ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրաւէրը եւ պիտի մասնակցի Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդի ղեկավարներու առաջին հանդիպումին, որ տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 19-ին։
Փաշինեան այս մասին յայտարարած էր շաբթուան սկիզբը՝ ԱՄՆ-ու փոխնախագահ Ճէյ.Տի. Վենսի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Նշենք, թէ յայտարարուեցաւ, որ Իսրայէլ եւս միացած է Խաղաղութեան խորհուրդին եւ պիտի մասնակցի այդ հանդիպումին։ Յայտարարութիւնը կատարած է Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուն՝ Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան ընթացքին, ուր հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ-ու ղեկավարին, ինչպէս նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին հետ։
“Ուաշինկթընի «Պլէր Հաուս»-ին մէջ հանդիպում ունեցայ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ։ Սպիտակ տան մէջ նախագահ Թրամփի հետ հանդիպումէս առաջ, ստորագրեցի Իսրայէլի՝ Խաղաղութեան խորհուրդին միանալու համաձայնագիրը”,– ըսած է Նեթանիահու։