Ազերպայճանի նախագահը «France 24»-ի հետ զրոյցին, ըստ էութեան, բացառած է Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ղեկավարութեան ազատ արձակումը

Screenshot

Screenshot

Իլհամ Ալիեւ հաստատած է, որ Ազերպայճան կատարած այցելութեան ընթացքին, ԱՄՆ-ու փոխնախագահ Ճէյ.Տի. Վենս արծարծած է նաեւ հայ բանտարկեալներու հարցը։

“Եւ ես ալ ներկայացուցի Ազերպայճանի դիրքորոշումը։ Այդ եղած է խօսակցութիւնը”,– պատմած է Ալիեւ «France 24» հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցին՝ կրկին ծանր, ի շարս որոնց՝ պատերազմական ոճրագործութիւններու մեղադրանքներ հնչեցնելով Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող արցախցի նախկին պաշտօնեաներուն հասցէին։

“Դատավարութիւնը բացարձակ թափանցիկ էր, անոնց յանցագործութիւնները ապացուցուած են”,– ըսած է Ալիեւ նիստերուն մասին, որոնք իրականութեան մէջ ընթացած են առանց անկախ փաստաբաններու, իրաւապաշտպաններու ու լրագրողներու, եւ լուսաբանուած են բացառապէս պետական լրասփիւռներու կողմէ։

Պատասխանելով արցախցիներու վերադարձի մասին հարցումին՝ Իլհամ Ալիեւ ըսած է, որ եթէ Հայաստան նման դիմում ներկայացնէ, Ազերպայճան զայն նկատի պիտի առնէ, բայց այդ կրնայ տեղի ունենալ միայն փոխադարձութեան սկզբունքով.

“Մենք կ’ակնկալենք նոյնը, որ հարիւրհազարաւոր ազերպայճանցիներ, զորս մենք կ՚անուանենք արեւմտեան ազերպայճանցիներ, կարենան վերադառնալ ներկայի Հայաստան”։