Բագրատ Գալստանեանի բանտարկութիւնը երկու ամիս եւս երկարաձգուած է

Գալստանեան

Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի բանտարկութիւնը երկարաձգուած է երկու ամիս եւս:

Մեղադրողները դատարանէն պահանջած էին երկարաձգել արդէն 8 ամիսէ ի վեր բանտը գտնուող Գալստանեանի բանտարկութիւնը, պատճառաբանելով որ կալանքի հիմքերը չեն վերացած: Ան առանցքային մեղադրեալ է ահաբեկչութիւն կազմակերպելու մեղադրանքով յարուցուած այս քրէական գործին մէջ, ուստի, ըստ մեղադրողներուն, ազատութեան մէջ կրնայ նոր յանցանք գործել կամ խոչընդոտել գործի ընթացքը:

Դատաւորը եւս որոշումին մէջ նշած է, որ «կալանքի հիմքերն ու պայմանները չեն նուազած, չեն փոխուած, հետեւաբար այլընտրանքային խափանման միջոցները ի զօրու չեն ապահովելու մեղադրեալի օրինական վարքագիծը»: Դատաւորի որոշումին՝ դահլիճին մէջ արձագանգած են «ամօթ» վանկարկումներով: Սրբազանի պաշտպանները անգամ մը եւս մեղադրանքը քաղաքական հալածանք նկատած են: