Ռուբէն Վարդանեանի իրաւաբանական խումբին յայտարարութիւնը
«Այս դատավճիռը իրաւաբանօրէն անհիմն է»
Ռուբէն Վարդանեանի իրաւաբանական խումբը կը յայտարարէ, որ Արցախի նախկին Պետական նախարարին դէմ Պաքուի դատարանին կողմէ կայացուած 20 տարուան ազատազրկման վճիռը իրաւաբանօրէն անհիմն է, քաղաքական դրդապատճառ ունի եւ ամբողջութեամբ անհամատեղելի է արդար դատաքննութեան երաշխիքներուն հետ։
Ըստ փաստաբաններուն՝ գործընթացը ընթացած է Ազերպայճանի ներքին օրէնսդրութեան եւ միջազգային պարտաւորութիւններու (ներառեալ՝ Մարդկային իրաւանց եւրոպական համաձայնագիրին) լուրջ խախտումներով։ Իրաւաբանական խումբը կը մատնանշէ հետեւեալ հիմնական կէտերը.
- Դատարանը չէ ապահոված անկախութեան եւ անկողմնակալութեան պայմանները։ Մեղադրանքներ յարուցուած են առանց նկատի ունենալու անմեղութեան կանխավարկածը:
- Պաշտպանական կողմը բաւարար ժամանակ չէ ունեցած գործի նիւթերուն ծանօթանալու։ Վարդանեանը զրկուած է իր ընտրած փաստաբանին հետ լիարժէք աշխատելու կարելիութենէն։
- Բազմիցս խոչընդոտուած են միջնորդութիւններ ներկայացնելու եւ արդարացնող ապացոյցներ ցոյց տալու փորձերը։
Կոչ Միջազգային Հանրութեան
Իրաւաբանները կոչ կ՚ընեն միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ պատասխանատու կառավարութիւններուն անյապաղ ու յստակ քայլերու ձեռնարկելու՝ պաշտպանելու Ռուբէն Վարդանեանի եւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար դատապարտուած միւս հայերուն իրաւունքները, ինչպէս նաեւ ապահովելու անոնց ազատ արձակումը։
Նշենք, որԱրցախիմիւսղեկավարներնալդատապարտուածեն 15 տարիէնմինչեւցմահազատազրկման։Հակառակմիջազգայինճնշումներուն՝Ազերպայճանինախագահըօրերսըստէութեանբացառածէրանոնցազատարձակումը:
Հաճիեւ. «Ռուբէն Վարդանեանի դատավճիռը հակամարտութեան խորհրդանշական աւարտն է»
«Օլիկարխ Ռուբէն Վարդանեանին վերաբերող՝ Պաքուի դատարանի որոշումը ոչ միայն արդարադատութեան իրագործում էր, այլեւ Ազերպայճանի ժողովուրդին անասելի տառապանքներ պատճառած 30-ամեայ հակամարտութեան խորհրդանշական եւ տրամաբանական աւարտ»,— X-ի իր հաշիւին գրած է Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւը։
Ան շեշտած է, որ հակամարտութեան լուծման եզակի՝ ռազմաքաղաքական տիպար մը յառաջ մղելով եւ հակամարտութենէն ետք խաղաղութեան օրակարգի նախաձեռնելով՝ «Ազերպայճանը նաեւ ապահոված է, որ պատերազմական յանցագործութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու մէջ մեղադրուող անձերը, որոնց շարքին՝ Բակօ Սահակեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, Ռուբէն Վարդանեանը եւ միւսները, պատասխանատւութեան ենթարկուին»։
«Մեր ակնկալիքն էր, որ Նիւրեմպերկեան դատավարութեան, նախկին Եուկոսլաւիոյ միջազգային քրէական դատարանի կամ Ռուանտայի միջազգային քրէական դատարանի օրինակով՝ Ազերպայճանի պարագային եւս նմանատիպ դատական ատեան ստեղծուէր։ Այսօրուան անարդար միջազգային միջավայրին մէջ, սակայն, օրէնքի կիրարկումն անգամ դարձած է աւելի քաղաքականացուած եւ կ՚ենթարկուի երկակի չափանիշերու։ Այդ իսկ պատճառով Ազերպայճանը բաց դատական գործընթաց կազմակերպեց եւ արդարադատութիւնը իրագործեց իր սեփական իրաւական համակարգի ծիրէն ներս՝ օրինակ ծառայելով միջազգային ամբողջ հանրութեան համար»,– կը պնդէ Հաճիեւը։
Ազերպայճանի մէջ ծանր մեղադրանքներով 15 տարիէն մինչեւ ցմահ ազատազրկման դատապարտուեցան Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներն ու միւս գերիները: Վերջինը հրապարակուեցաւ նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի դատավճիռը՝ 20 տարի ազատազրկում, որմէ 10-ը՝ խիստ դրութեամբ բանտի մէջ: Երբեք որեւէ զինուորական պաշտօն չվարած Ռուբէն Վարդանեանի փաստաբանը՝ Ճարետ Կենսըր, Վարդանեանը «կեղծ մեղադրանքներով 20 տարուան ազատազրկման դատապարտելը արդարադատութեան ծաղրանք» որակած է:
