Ռուս պաշտօնատարներ կը զգուշացնեն Հայաստանի երկաթուղիներու կառավարումը փոխելու վտանգներէն
Վերջին շրջանին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ երկաթուղիներու կառավարումը Ռուսաստանէն այլ պետութեան յանձնելու հաւանականութիւնը արժանացած է Մոսկուայի կոշտ արձագանգին։ Ռուսաստանի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուն եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան հանդէս եկած են յայտարարութիւններով՝ պաշտպանելով ռուսական գործարկուին («opérateur») դերակատարութիւնը։
Շոյկուի համաձայն՝ «երկաթուղային համակարգը կրնայ մէկ գիշերուան մէջ փլուզուիլ»
ԹԱՍՍ գործակալութեան հետ զրոյցին՝ Սերկէյ Շոյկու յայտնած է, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն այս ցանկութիւնը «չմշակուած լուծում» է, որուն պատճառով երկաթուղային համակարգը կրնայ «մէկ գիշերուան մէջ փլուզուիլ»։ Ան կասկած յայտնած է, թէ այլ ընկերութիւն մը կրնայ լիարժէքօրէն փոխարինել ռուսական կողմը, որ երկար ժամանակէ ի վեր բարդ պայմաններու տակ կ՚աշխատի Հայաստանի մէջ։ Շոյկու նաեւ զգուշացուցած է Երեւանի այլ «չմշակուած որոշումներէն» (ինչպէս ԱՄՆ-ու հետ հիւլէական համագործակցութիւնը)՝ նշելով, որ անոնց հետեւանքները կրնան ստիպուիլ վճարելու Հայաստանի հասարակ քաղաքացիները։
Զախարովան կը յիշեցնէ պայմանագրային պարտաւորութիւնները
Այս ծիրէն ներս, Մարիա Զախարովան նկատել տուած է, որ Հայկական երկաթուղին արդէն աւելի քան 20 տարիէ ի վեր կը գտնուի «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» (ՀԿԵ) ընկերութեան կառավարման տակ, եւ ընկերութիւնը կայուն կերպով կը կատարէ իր պարտաւորութիւնները։ «Հաւանաբար Երեւանի մէջ մոռցած են այդ մասին»,– ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ ռուսական կողմը ոչ թէ կը զրկէ Հայաստանը մրցակցային կարելիութիւններէն, այլ ընդհակառակն՝ կը ստեղծէ զանոնք։

Նշենք, որ երկաթուղին ռուսական կողմին յանձնուած էր 2008-ին՝ 30 տարուան համար, 10 տարի երկարաձգելու կարելիութեամբ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախապէս յայտնած էր, թէ կը նախընտրէ, որ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի հետ բարեկամ որեւէ երկիր գնէ կառավարման իրաւունքը։
Օրակարգի վրայ է նաեւ դէպի Թուրքիա եւ Ազերպայճան առաջնորդող հատուածներու վերականգնումը։ Փաշինեան անցեալ տարեվերջին Վլատիմիր Փութինին յայտնած էր, որ եթէ Մոսկուան պատշաճ ժամկէտի մէջ չիրականացնէ աշխատանքները, Հայաստան պատրաստ է այդ ընելու պետական միջոցներով։
Ի պատասխան այս պահանջին՝ Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք դրական արձագանգած էր եւ յայտնած բանակցութիւններ սկսելու պատրաստակամութիւն։ Զախարովան եւս վերահաստատած է Օվերչուքի Փետրուար 12-ի այս դիրքորոշումը՝ շեշտելով, որ Ռուսաստան հաւատարիմ պիտի մնայ երկաթուղային հաղորդակցութիւններու վերականգնման իր յանձնառութեան։
