Փաշինեան եւ Ալիեւ Ուաշինկթընի մէջ մասնակցած են Թրամփի «Խաղաղութեան խորհուրդ»-ին
Ուաշինկթընի մէջ կը կայանար «Խաղաղութեան խորհուրդ»-ի առաջին նիստը՝ Տանըլտ Թրամփի նախագահութեամբ: Միացեալ Նահանգներ մեկնած են նաեւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարները, որոնց Ամերիկայի նախագահը յատուկ անդրադարձած է.
“Այս առաջնորդները շատ առատաձեռն եղած են: Միացեալ Նահանգները եւս: Բայց գիտէ՞ք ինչ. աշխարհի վրայ խաղաղութենէն աւելի կարեւոր բան չկայ”,– իր ելոյթին մէջ ընդգծած է նախագահ Թրամփ՝ շարունակելով. “Այս երկուքը բնաւ ալ բարի պտուղ չէին: Կը կարծէք դիւրի՞ն էր: Ո՛չ, դիւրին չէր: Անոնք երկուքն ալ դժուար մարդիկ էին. լաւ մարդիկ են, բայց՝ դժուար: Երբ Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ էին, ամէն մէկը սենեակին հակառակ ծայրն էր: Ես ըսի՝ տղաք, քիչ մը մօտ եկէք, այնքան ալ լաւ չէին զգար իրենք զիրենք, դէ գիտէք՝ զիրար սպանած են շուրջ 30 տարի: Մէկ ժամ ետք արդէն քով-քովի կեցած էին, գրկեցին զիրար, փաստաթուղթ ստորագրեցին: Եւ հիմա խաղաղութիւն ունինք այս երկու կարեւոր երկիրներուն միջեւ: Ես բնաւ պիտի չմոռնամ այդ: Կրնաք հպարտանալ դուք ձեզմով: Այդ հրաշալի տեսարան էր”,– ըսած է Թրամփ։
Վարչապետ Փաշինեանը ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակած է տեսանիւթ մը, ուր խորհուրդի նիստէն առաջ «շփումներ ունեցած է արտասահմանի գործընկերներուն հետ»։ Տեսարաններուն մէջ նաեւ կը զրուցեն Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը. մանրամասնութիւններ առայժմ չեն հրապարակուած։
Հաւաքին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամները՝ Ֆրանսան, Մեծն Բրիտանիան, Ռուսաստանը եւ Չինաստանը ներկայացուցիչներ չեն ղրկած: Ի սկզբանէ յայտարարուած էր, որ այս նախաձեռնութիւնը պիտի վերահսկէ Կազայի վերականգնումը, այժմ, սակայն, Թրամփ աւելի մեծ՝ համաշխարհային հակամարտութիւններ լուծելու խնդիրներ դրած է խորհուրդին առջեւ:
Փաշինեանը կարճ զրոյց ունեցած է Թրամփին հետ
«Խաղաղութեան խորհուրդ»-ի աշխատանքներու շրջանակին մէջ, Փաշինեանը կարճ զրոյց մը ունեցած է Թրամփին հետ: Այս մասին Դիմագիրքի իր էջին գրած է Փաշինեանը՝ կից հրապարակելով տեսանիւթ մը:
Ան չէ մանրամասնած, թէ ինչի՛ մասին զրուցած են Թրամփին հետ:
