Հայաստանի եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ շահերը

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

2020-ի պա­տերազ­մի հե­տեւանքնե­րը դեռ կը չարչրկեն հա­յաշ­խարհը՝ Հա­յաս­տանն ու Սփիւռքը։ Ասոր ցայ­տուն դրսե­ւորումն է Հայ առաքելական եկե­ղեց­ւոյ (ՀԱԵ) ներ­քա­շուի­լը քա­ղաքա­կան գոր­ծընթաց­նե­րուն մէջ՝ դրդուած Հա­յաս­տա­նի եւ ար­տա­սահ­մա­նի ռու­սա­մէտ շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ։ Գոր­ծընթա­ցը սուր բնոյթ ստա­ցաւ 2024-ին՝ Բագ­րատ Գալստա­նեանի նա­խաձեռ­նած ար­շա­ւով, որ ծայր առաւ Տա­ւու­շի մէջ սահ­մա­նազատ­ման առա­ջին օրե­րուն, հա­սաւ մին­չեւ մայ­րա­քաղաք Երե­ւան, ուր դրուեցաւ Վարչապետին հրաժարականի պահանջը։ Շար­ժումը շա­րու­նա­կուե­ցաւ «Սրբա­զան պայ­քար» դրօ­շին ներ­քոյ՝ առանց դա­տապար­տուելու Մայր Աթո­ռին կող­մէ, որ բա­ւարա­րուե­ցաւ միայն Բագ­րատ Սրբա­զանին պաշ­տօ­նավար­ման սա­ռեց­ման որո­շու­մով։

Ահա այս կէ­տէն սկսաւ եկե­ղեցա­կան­նե­րուն քա­ղաքա­կանու­թեամբ զբա­ղելու ծան­րակշիռ եւ հա­կասահ­մա­նադ­րա­կան քայ­լը, որուն յա­ջոր­դե­ցին դա­տա­կան հա­մակար­գին հե­տապնդումնե­րը բարձր­աս­տի­ճան եկե­ղեցա­կան­նե­րու նկատ­մամբ՝ պե­տական յե­ղաշրջման փորձի ամ­բաստա­նու­թիւննե­րով։ Հա­կա­ռակ եկե­ղեցա­կան­նե­րու պնդումնե­րուն՝ պայ­քա­րը զուտ քա­ղաքա­կան էր եւ տա­կաւին կը մնայ քա­ղաքա­կան, այնքան ատեն որ ՀԱԵ-ի Գե­րագոյն հո­գե­ւոր խոր­հուրդը չէ դա­տապար­տած բարձրաս­տի­ճան եկե­ղեցա­կան­նե­րու քաղաքա­կանու­թեամբ զբա­ղելու նա­խաձեռ­նութիւննե­րը։ Մինչդեռ եկե­ղեցա­կան­նե­րուն կող­մէ դա­տախա­զու­թեան ամ­բաս­տա­նու­թիւննե­րը կը դա­տապար­տուին իբ­րեւ կա­ռավա­րու­թեան մի­ջամ­տութիւն՝ եկե­ղեց­ւոյ ներ­քին կեան­քին։

Դժբախ­տա­բար, Եկե­ղեցի-պե­տու­թիւն յա­րաբե­րու­թիւննե­րը վեր­ջին շրջա­նին խիստ վատ­թա­րացան, այն աս­տի­ճան, որ Վե­հափառ հայ­րա­պետը որո­շեց, Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան շրջա­նին առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, Եպիս­կո­պոսաց ժո­ղովը գու­մա­րել ո՛չ թէ ՀԱԵ-ի հո­գեւոր կեդ­րոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջ­միած­նի, այլ օտար երկրի՝ Աւստրիոյ մէջ։

Եկե­ղեցի-պե­տու­թիւն պայ­քա­րը դի­մագիծ փո­խեց՝ վե­րածուելով նաեւ նե­րեկե­ղեցա­կան պայ­քա­րի, ՀԱԵ տա­սը եպիս­կո­պոս­նե­րու «Բա­րեկար­գումի շարժման» մեկ­նարկով եւ քա­հանա­յական դա­սու հո­գեւոր հո­վիւ­նե­րու ըմ­բոստու­թեամբ։ Մայր Աթո­ռը կը գտնուի ծանր կա­ցու­թեան մէջ. ան կ՚ան­տե­սէ այն ծանր ամ­բաստա­նու­թիւննե­րը, որոնցմով ՀԱԵ-ի բարձրաս­տի­ճան եկե­ղեցա­կան­նե­րը՝ որոնց կար­գին նաեւ Վե­հափառ հայ­րա­պետը, կը մե­ղադ­րուին կու­սակրօ­նու­թեան ուխտի դրժման եւ այլ ներ­քին կա­նոնա­կան խախ­տումնե­րու հա­մար։ Ստեղ­ծուած իրա­վիճա­կին մէջ, Եկե­ղեցին որո­շած է հայ հա­սարա­կու­թեան, ինչպէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին հան­րութեան ու կազ­մա­կեր­պութիւննե­րուն ներ­կա­յանալ զո­հի ու հա­լածեալի դե­րին մէջ։

Փետ­րուար 14-ին, հա­ղոր­դագրու­թեամբ մը, Նու­պար Աֆէեանի նման մի­ջազ­գա­յին հռչակ վա­յելող ութ անուանի սփիւռքա­հայեր դա­տապար­տե­ցին Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան դա­տաիրա­ւական եւ վար­չա­կան ար­գելքնե­րը հայ եկե­ղեցա­կան­նե­րու նկատ­մամբ, որոնցմով վեր­ջիննե­րուս ար­գի­լուե­ցաւ երկրէն դուրս գալ՝ մաս­նակցե­լու Վիեն­նա­յի մէջ Փետ­րուար 16-19 կա­յանա­լիք ՀԱԵ-ի Եպիս­կո­պոսաց ժո­ղովին։

Յար­գե­լով ութ անուանի սփիւռքա­հայե­րու կո­չին մէջ տեղ գտած պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւննե­րը՝ ի պաշտպա­նու­թիւն ՀԱԵ-ի եւ Վե­հափառ հայ­րա­պետին, ցա­ւալի կը նկա­տենք անոնց յայ­տա­րարու­թեան մէջ տեղ գտած հե­տեւեալ հա­տուա­ծը. «Որ­պէս Միացեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ բազ­մա­թիւ այլ եր­կիրնե­րու քա­ղաքա­ցիներ, սփիւռքա­հայե­րը պար­տա­ւոր են դի­մելու իրենց սե­փական կա­ռավա­րու­թիւննե­րու աջակ­ցութեան՝ նե­րառեալ քա­ղաքա­կան լու­ծումներ եւ անհրա­ժեշ­տութեան պա­րագա­յին՝ իրա­ւական գոր­ծո­ղու­թիւններ, պաշտպա­նելու հա­մար մեր կրօ­նական իրա­ւունքները»։

Ինչ ալ ըլ­լան ներ­կայ հա­կադ­րութեան պատ­ճառնե­րը, որ­քան որ դա­տապար­տե­լի է պե­տու­թեան ներ­քա­շուի­լը եկե­ղեց­ւոյ ներ­քին գոր­ծե­րուն մէջ, ինչպէս նաեւ եկե­ղեց­ւոյ զբա­ղիլը քա­ղաքա­կա­նու­թեամբ, նոյնքան ալ դատապարտելի է օտար երկիրներու միջամտութիւնը Հայաստանի ներքին գործերուն՝ նոյնիսկ պետութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պարագային. ա՛լ աւելի անընդունելի է, երբ այդ միջամտութիւնը տեղի կ՚ու­նենայ սփիւռքահայերու դրդումով։ Հայութիւնը պէտք է ունենայ այն հասունութիւնը՝ ինքնուրոյն եւ ներքին կարգով լուծելու իր ազգային հարցերը։ Օտար պետութիւնները միշտ ալ առիթը պիտի օգտագործեն՝ հայութեան ներքին հակասութիւնները ի նպաստ իրենց շա­հերուն ծառայեցնելու համար։ 

Որքան ալ սուր ըլլան հարցերը, ներհայկական ճակատի վրայ պէտք է նա­խընտրել երկխօսութիւնը իբրեւ զա­նոնք լուծելու գլխաւոր միջոց։

Ժ.Չ. ■