Նիկոլ Փաշինեան պատարագի մասնակցած է Սեւանի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ

Փաշ-պատարագ

Վարչապետ Փաշինեան Կիրակի, Փետրուար 22-ին պատարագի մասնակցած է Սեւանի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ։

Ան այս մասին գրած է Դիմագիրքի իր էջին վրայ՝ կից հրապարակելով նաեւ տեսանիւթ մը։

«Սեւան քաղաքի Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցայ սուրբ եւ անմահ պատարագի»,– գրած է Փաշինեան։

Յատկանշական է, որ այս անգամ, ըստ հայաստանեան լրասփիւռներու՝ պատարագի ընթացքին չէ զանցառուած Ամենայն հայոց կաթողիկոսի անունին յիշատակումը։