Նախագահ Մաքրոն Մայիս 4-ին պիտի այցելէ Հայաստան
Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն երկօրեայ այցելութեամբ Հայաստան պիտի ժամանէ Մայիս 4-ին, «X»-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով մը յայտնած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Տընի Ճորքայէֆ։
Ան հանդիպում պիտի ունենայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ եւ պիտի մասնակցի Երեւանի մէջ կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին։
«Հանրապետութեան նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն երկօրեայ այցելութեամբ Հայաստան պիտի ժամանէ Մայիս 4-ին։ Ան հանդիպում պիտի ունենայ Նիկոլ Փաշինեանին հետ եւ պիտի մասնակցի Երեւանի մէջ կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին», «X»-ի վրայ գրած է Ճորքայէֆ։
Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, 2026 Մայիս 4-ին։
