«Ազատութիւնը երբեք վերջնականապէս ձեռք բերուած չէ» 

Միսաք-1

Փարիզի Պանթէոնին մէջ ոգեկոչուեցաւ Մանուշեաններու յիշատակը

Փետրուար 21-ին, Փարիզի Պանթէոնին մէջ Հայաստանի՝ Փարիզի դեսպան Արման Խաչատրեան մասնակցեցաւ Դիմադրութեան շարժման հայազգի հերոս Միսաք եւ անոր կնոջ՝ Մելինէ Մանուշեանի պանթէոնականացման երկրորդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի արարողութեան: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Հայ նախկին ռազմիկներու եւ դիմադրականներու ազգային ընկերակցութեան» (ANACRA) նախաձեռնութեամբ։

Արարողութեան ներկայ էին Ֆրանսայի պետական եւ տեղական իշխանութիւններու, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի ընտանիքի անդամներ, մշակութային եւ հասարակական գործիչներ։

Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան դեսպան Արման Խաչատրեան, ANACRA-ի նախագահ Լեւոն Յովնանեան եւ Միսաք Մանուշեանի պանթէոնականացման յանձնախումբի նախագահ Ժան-Փիէր Սաքուն։ Աղօթք բարձրացուց Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկոպոս Խաչատրեան։ Արարողութիւնը աւարտեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղումով եւ Ֆրանսայի պետական փառերգի կատարումով։

Իր ելոյթին մէջ դեսպան Խաչատրեան անդրադարձաւ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի անցած ուղիին՝ ընդգծելով անոնց կերպարներուն խորհրդանշական կարեւորութիւնը ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններուն մէջ։ Ան նշեց, որ մահէն 80 տարի ետք Միսաք Մանուշեանի աճիւնը ամփոփուեցաւ Ֆրանսայի մեծագոյն գործիչներու Պանթէոնին մէջ եւ այսպէսով ան դարձաւ Դիմադրութեան շարժման առաջին օտարերկրեայ մասնակիցը, որ արժանացաւ նման բարձր պատիւի։

Այս ծիրէն ներս, Հայաստանի դեսպանը ընդգծեց, որ յիշելով Միսաքն ու Մելինէն՝ մենք կը հաստատենք, որ մեր ժողովուրդներուն միջեւ համերաշխութիւնը պատմական է, եւ թէ Հայաստանն ու Ֆրանսան կը կիսեն նոյն համոզումը, որ մարդկային արժանապատւութիւնն ու պետութիւններու ինքնիշխանութիւնը բացարձակ արժէքներ են։

Եզրափակելով իր խօսքը՝ Արման Խաչատրեան նշեց, որ 1944-ի պայքարը լոկ անցեալի էջ մը չէ։ Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի ոգեկոչումը մեզի կը յիշեցնէ, որ ազատութիւնը երբեք վերջնականապէս ձեռք բերուած չէ։ Ան կը պահանջէ քաջութիւն, համախմբուածութիւն եւ երբեմն ալ՝ գերագոյն զոհաբերութիւն։