120 միլիոն տոլարի ներդրում՝ Երեւանէն դուրս 7 զբօսաշրջային կեդրոններու զարգացման համար

Պատմական վայրեր

Հարցազրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի Զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Լուսինէ Գէորգեան հաստատած է, որ Հայաստան 120 միլիոն տոլար նեդրում պիտի կատարէ երկրի տարածքին 7 զբօսաշրջային կեդրոններու զարգացման համար: Այս գումարը պիտի գայ ամբողջացնելու ներկայիս կատարուող ներդրումները եւ ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի Երեւանէն դուրս գտնուող քաղաքներուն:

Այդ կեդրոնները պիտի հիմնուին Արենիի, Դիլիջանի, Դուինի, Շիրակի, Ջերմուկի, Գորիսի եւ Եղեգիսի մէջ: Համաշխարհային դրամատունը (World Bank) պիտի տրամադրէ 100 միլիոն տոլար, իսկ մնացեալ 20 միլիոն տոլարը պիտի ապահովուի Հայաստանի կառավարութեան կողմէ՝ իբրեւ համագանձատրում:

Գէորգեան նաեւ ընդգծած է Շիրակի օդակայանի ներուժը՝ դէպի Եւրոպա (հաւանաբար՝ Իտալիա) թռիչքներու ընդլայնման առումով, քանի որ ներկայիս անկէ թռիչքներ կը կատարուին միայն դէպի Կիպրոս: