Համաշխարհային դրամատան եւ ՄԱԿ-ի գնահատականներով՝ Ուքրաինայի վերականգնումը 10 տարուան ընթացքին պիտի արժէ 588 միլիառ տոլար
Համաշխարհային դրամատան, ՄԱԿ-ի, Եւրոպական յանձնաժողովի եւ Ուքրաինայի կառավարութեան միացեալ գնահատականներով, որոնք հրապարակուած են պատերազմի սկսման չորրորդ տարելիցի նախօրեակին, յառաջիկայ տասնամեակին Ուքրաինայի տնտեսութեան վերականգնումը պիտի արժէ մօտաւորապէս 588 միլիառ ամերիկեան տոլար։
Նոր գնահատականը կ՚ընդգրկէ 2022 Փետրուար 24-էն մինչեւ 2025 Դեկտեմբեր 31 երկարող ժամանակահատուածը եւ 12 տոկոսով աւելի է, քան նախորդ տարուան ցուցանիշը։ Այս աճը մասամբ կը բացատրուի վերջին մէկ տարուան ընթացքին վնասուած կամ ոչնչացած ուժանիւթային ենթակառոյցներու ծաւալին 21 տոկոս աճով։
Ասոր կողքին, հաշուարկները չեն ընդգրկեր 2026 Յունուար-Փետրուար ամիսներուն Ուքրաինայի ուժանիւթային կեդրոններուն վրայ Ռուսաստանի գործած զանգուածային յարձակումներուն վերաբերեալ տուեալները, որոնք տասնեակ հազարաւոր բնակիչներ զրկեցին ջեռուցումէ, ելեկտրական հոսանքէ եւ ջուրի մատակարարումէ՝ տասնամեակներու ամէնէն ցուրտ ձմեռներէն մէկուն ընթացքին։
Ուղղակի վնասը՝ 195 միլիառ տոլար
Ըստ զեկոյցին՝ ուղղակի վնասը հասած է 195 միլիառ տոլարի, ինչ որ գրեթէ 11 տոկոս աւելի է, քան նախորդ գնահատականը: Ամէնէն շատ տուժած են բնակարանային, փոխադրամիջոցային եւ ուժանիւթային ենթակառոյցները: Սա կրկնապատիկն է 2022-ին հրապարակուած առաջին զեկոյցի գնահատականներուն:
«Վնասները հսկայական են եւ կը շարունակեն աճիլ»,– կը նշուի փաստաթուղթին մէջ: Հիմնական վնասը կեդրոնացած է ճակատային շրջաններու եւ մեծ քաղաքներու, ներառեալ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ:
Պատերազմը, որ այս շաբաթ կը թեւակոխէ իր հինգերորդ տարին, յանգեցուցած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ի վեր Եւրոպայի մէջ մեծագոյն գաղթականական տագնապին: 2025 Դեկտեմբերի դրութեամբ աւելի քան 6 միլիոն ուքրանացի գաղթականներ կը գտնուին արտասահման, կան 4,6 միլիոն ալ ներքին տեղահանուածներ:
Տնտեսական հետեւանքները կը շարունակեն ծանր մնալ. Ուքրաինայի իրական ՀՆԱ-ն (Համախառն ներքին արդիւնք — PIB) ներկայիս 21 տոկոս աւելի ցած է 2021-ի մակարդակէն: Եթէ պատերազմը շարունակուի, 2026-ին տնտեսական աճը կը կանխատեսուի մօտաւորապէս 2 տոկոս: Եթէ մինչեւ տարեվերջ զինադադար կնքուի, աճը կրնայ արագանալ մինչեւ 4 տոկոս 2027-ին, իսկ 4,5 տոկոս՝ 2028-ին։
Առաւելագոյն վնաս կրածները
Բնակարանային ոլորտը կրած է ամէնէն մեծ կորուստները. բնակարանային համակարգի շուրջ 14 տոկոսը վնասուած կամ ոչնչացած է, ինչ որ կը կազմէ մօտ 61 միլիառ տոլար։
Փոխադրամիջոցային ենթակառոյցները, որոնց կարգին՝ երկաթուղիները, կրած են 40,3 միլիառ տոլարի վնաս։ Ուժանիւթի ոլորտը կորսնցուցած է մօտաւորապէս 25 միլիառ տոլար. որոշ շրջաններու մէջ ելեկտրականութեան խզումները հասած են օրական 18 ժամի։
Ընկերային-տնտեսական կորուստները կը գնահատուին 667 միլիառ տոլար, ինչ որ 13 տոկոս աւելի է անցեալ տարուան գնահատականէն։ Ասոնք կը ցոլացնեն գործարար աշխուժութեան երկարատեւ անկումը, աշխատատեղերու կորուստը եւ պետական ծառայութիւններու խափանումները։
Ուքրաինայի կառավարութիւնը մինչեւ 2026 վերականգնման ծրագրերուն համար արդէն իսկ մօտաւորապէս 15,25 միլիառ տոլար յատկացուցած է։ Պատերազմի սկիզբէն ի վեր անմիջական վերանորոգման համար յատկացուած է 20,3 միլիառ տոլար։
Զեկոյցի հեղինակները կ՚ընդգծեն, որ վերականգնման կարիքներուն մինչեւ 40 տոկոսը կրնայ ապահովել սեփական հատուածը, եթէ բարեփոխումներ կատարուին՝ գիւղատնտեսութեան, ճարտարարուեստի եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներէն ներս ներդրումներ ներգրաւելու համար։
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Ուքրաինայի նախկին տնտեսական նախատիպը (մոտէլը)՝ ցած մրցակցութեամբ, ոչ մեծ սեփական հատուածով եւ պետութեան նշանակալի դերով, պիտի չկարենայ ապահովել անհրաժեշտ աճի շարժընթացը։
ՄԱԿ-ի մարդասիրական համակարգող Մաթիաս Շմալէ ընդգծած է, որ մարդկային դրամագլուխը կը շարունակէ մնալ վերականգնման հիմնական ազդակը՝ գաղթականներու վերադարձը, նախկին ռազմիկներու վերահամարկումը եւ աշխատանքի շուկային կիներու մասնակցութեան աճը։
ՄԱԿ-ի տուեալներով՝ երկրին մէջ ներկայիս 2,4 միլիոն նուազ մանուկ կայ, քան պատերազմէն առաջ։
