Փաշինեան. «Մենք ծրագրեր, մտահոգութիւններ չունինք՝ կապուած ռուսական ռազմակայանի ներկայութեան հետ»
“Մենք որեւէ ծրագիր կամ նախագիծ չունինք, մտահոգութիւն ալ չունինք՝ կապուած ռուսական ռազմակայանի ներկայութեան հետ”,– Լեհաստանի մէջ յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով. “Մենք սերտ գործընկերներ ենք Ռուսաստանի հետ”։
“Մինչեւ 2024 թուականը սահմանային անցակէտերու մեծ մասը կը գտնուէր Ռուսաստանի հսկողութեան տակ, կամ հոն կար ռուս սահմանապահներու ներկայութիւն՝ օրինակ մեր միջազգային օդակայանին մէջ, սակայն ներկայիս մեր սահմաններու բոլոր անցակէտերը կը վերահսկուին Հայաստանի սահմանապահներուն կողմէ։ Բնականաբար, մենք շնորհակալ ենք Ռուսաստանին՝ հոն իրենց ներկայութեան համար. իբրեւ նորանկախ պետութիւն՝ 90-ականներու սկիզբը մենք կարողութիւն չունէինք այդ տեսակի ծառայութիւն մատուցելու, բայց ներկայիս կրնանք եւ կը զարգացնենք մեր կարողութիւնները”,– ըսած է Փաշինեան՝ պատասխանելով Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմական ներկայութեան վերաբերող հարցումին:
Յիշեցնենք, որ ռուս սահմանապահները Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն հեռացան 2024 Օգոստոս 1-էն սկսեալ:
