Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքը Տաթեւի մէջ անվճար հողատարածքներ կը տրամադրէ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներուն՝ մշակման համար
Արցախէն բռնի տեղահանուած եօթը ընտանիքներ, որոնք այժմ կը բնակին Հալիձոր եւ Շինուհայր համայնքները, Տաթեւ համայնքին մէջ անվճար մշակելի հողատարածքներ ստացած են։ Այս նախաձեռնութիւնը իրականացուած է Պաքուի բանտը գտնուող հայ բարերար Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքին կողմէ՝ «Մենք ենք մեր սարերը» զարգացման գործակալութեան միջոցով՝ օգտագործելով «Տաթեւի թեւեր» ճոպանուղիին պատկանող հողատարածքները:
Ըստ «Մենք ենք մեր սարերը» գործակալութեան՝ հողակտորները հաւասարապէս բաշխուած են՝ հիմնուելով ընտանիքներու անդամներու թիւին վրայ: Բոլոր իրաւաբանական եւ նոտարական ծախսերը հոգացուած են, որպէսզի գործընթացը լիովին հասանելի ըլլայ ընտանիքներուն համար:
Տաթեւ համայնքի ղեկավարի առաջին տեղակալ Մարատ Գերասիմեան նշած է, որ թէեւ շրջանի բոլոր վարելահողերը ներկայիս կը մշակուին, Արցախէն տեղահանուած ընտանիքները գիւղատնտեսական զգալի փորձառութիւն կը բերեն իրենց հետ։ Հողի տրամադրումը, ըստ անոր, առիթ կը ստեղծէ, որ անոնք եկամուտ ապահովեն եւ նուազեցնեն ընկերային աջակցութենէն կախուածութիւնը:
“Այս նախաձեռնութիւնը իրական կարելիութիւն կ՚ընձեռէ աշխատանքի միջոցով ապահովելու ընտանիքի բարեկեցութիւնը եւ խթանելու աւելի մեծ ինքնաբաւութիւն”,– յայտարարած է ան:
“Երբ իմացայ այս որոշման մասին, առաջին անձը, որուն մասին մտածեցի, Ռուբէն Վարդանեանն էր. նոյնիսկ գերութեան մէջ գտնուելով Պաքու՝ ան կը շարունակէ մտածել իր ժողովուրդին մասին”,– ըսած է Արցախի Ճարտար քաղաքէն տեղահանուած եւ այժմ Հալիձորի մէջ բնակող Լիւսվարդ Օհանեան: Ան եօթը շահառուներէն մէկն է:
Քաշաթաղէն բռնի տեղահանուած եւ այժմ Շինուհայրի մէջ բնակող Քաթին Յակոբեանն ալ նախաձեռնութիւնը կենսական որակած է իր ընտանիքին համար։ “Մենք ընկերային ծանր պայմաններու մէջ կ՚ապրինք, մեր ընտանիքին մէջ ոչ ոք կ՚աշխատի: Այս հողը մեզի կարելիութիւն կ՚ընձեռէ սեփական աշխատանքով թեթեւցնելու մեր բեռը”,– ըսած է ան:
Հողատարածքներու յատկացումը Արցախէն տեղահանուած հայերուն աջակցելու նպատակով իրականացուող ծրագրերու շարքին վերջինն է:
