Վահան եպիսկոպոս Յովհաննէսեան կը հրաժարի Գ.Հ.Խ.-էն
«Մետիանիուզ», 27.02.2026
Քանի մը օր առաջ մամուլը հրապարակեց Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանի նամակը՝ ուղղուած Աւստրիոյ մէջ գումարուած Եպիսկոպոսաց հաւաքին։ Այս նամակը յատկապէս կ՚ընդգծէր, որ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւ անոր նախագահած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (Գ.Հ.Խ.) «հեղինակազրկուած են եւ անկարող՝ անկողմնակալ որոշումներ կայացնելու»։
Կը տեղեկանանք, որ Սահակ Բ. պատրիարքի այս աղմկայարոյց յայտարարութենէն ետք, Վահան եպիսկոպոս Յովհաննէսեան դիմած է Կաթողիկոսին՝ խնդրելով զինք ազատ կացուցել Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի իր պաշտօնէն։
Վահան եպիսկոպոս Յովհաննէսեան նաեւ «Գարեգին Ա.» երիտասարդութեան եւ ամուսնացեալ քահանայութեան պատրաստութեան կրթական կեդրոնի տնօրէնն է: Ան 2014-էն մինչեւ 2022 եղած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդը:
