Սահակ պատրիարքի պատգամը Վիեննայի Եպիսկոպոսաց հաւաքին

Mashalyan

Նորին Ս. Օծութիւն Տ. Տ. Գարեգին Սրբազնագոյն Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց

Նորին Ս. Օծութիւն Տ.Տ. Արամ Սրբազնագոյն Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Նորին Ամենապատւութիւն Տէր Նուրհան Սրբազան Պատրիարք Հայոց Սրբոյ Երուսաղէմի,

Գերաշնորհ Սրբազան եղբայրներ,

Վիեննայի Եպիսկոպոսաց ժողովին առիթով կ’ողջունեմ ձեր ներկայութիւնը, օրհնութիւն եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ տեղի ունենալիք յառաջիկայ նիստերու ընթացքին:

Մայր Աթոռէն դուրս, արտասահման կատարուած այս ժողովը ինքնին կը մատնանշէ խնդիր մը, որ գրեթէ մէկ տարիէ ի վեր կը յուզէ ու կը խռովէ հայ աշխարհը սկիզբ առնելով Հայաստանի իշխանութիւններու եւ Մայր Աթոռի առճակատումէն: Այս ժողովը որ նախատեսուած էր որպէս Եպիսկոպոսաց Ժողով, դժբախտաբար Հայաստանի եպիսկոպոսներու, Վեհափառ հայրապետի եւ պատրիարքներու ներկայ չըլլալուն պատճառաւ բնականաբար վերածուած է եպիսկոպոսներու հաւաքի մը, խորհրդակցական ժողովի մը: Սակայն սա արգելք չէ որ այս ժողովէն ալ հեղինակաւոր ձայն բարձրանայ ներկայ իրավիճակներուն վերաբերեալ:  

Մենք, որպէս Պոլսոյ Պատրիարք, առաջին օրէն սկսեալ այս անբաղձալի վիճակը տեսանք որպէս Հայաստանի ներքաղաքական պրկումներու եւ մօտեցող քաղաքական ընտրութիւններու իբր արձագանգը: Սփիւռքէն շատ աւելի յստակ երեւցող այս հակակաթողիկոսական քաղաքական արշաւին դէմ սփիւռքի գրեթէ բոլոր եկեղեցիներով միասին, մենք եւս եկեղեցական միութեան եւ զօրակցութեան կոչ ուղղեցինք Նորին Սրբութիւն Վեհափառ Հայրապետին: Այսպիսի ճգնաժամային եւ ալեկոծային վիճակներուն՝ ամէնէն կարեւորը սեպեցինք եկեղեցական կարգապահութիւնը ապահովել նուիրապետական շարքերէն ներս առանց մատնուելու խուճապի՝ պահելով պաղարիւնութիւնը: Մասնաւորապէս Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի դիրքը եւ անձեռնմխելիութիւնը պաշտպանեցինք որպէսզի մինչեւ որ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը յստականայ քաղաքական ընտրութիւններու որոշումով: Իսկ Կաթողիկոսի կարգավիճակը վերաճշդելու միակ անառարկելի համաեկեղեցական կառոյց ըլլալով մատնանշեցինք Ազգային եկեղեցական ժողովի գումարման անհրաժեշտութիւնը:

Խնդիրը լուրջ է եւ հետզհետէ աւելի կը խորանայ: Ընդդիմադիր քահանաներ եւ եպիսկոպոսներ հանդէս կու գան եւ անոնցմէ ոմանք կարգալոյծ ըլլալով հանդերձ կը շարունակեն իրենց պաշտօնները պետական նեցուկով: Կալանաւորուած եպիսկոպոսներ ունինք գործօն քաղաքականութիւն վարելու պատճառաբանութեամբ: Այս բոլորին դիմաց մենք սփիւռքահայերս մեծաւ մասամբ դիտորդի դիրքին մատնուած ենք եւ շփոթած: Հայ ազգի երկու սրբութիւնները՝ Եկեղեցին եւ Պետութիւնը, որոնք ուխտ ունին միասին ընթանալու հայոց պատմութեան ուղիներու ընդմէջէն՝ ազգին լաւագոյնը տալու նպատակով, զիրար մաշեցնելու եւ տկարացնելու արարքներ կը ցուցաբերեն այսօր:  Երկկողմանի գրգռիչ արարքներ եւ արտայայտութիւններ խրամատները կ’ընդլայնեն եւ յարաբերութիւնները ալ աւելի անել վիճակի կը մատնեն: Մայր Աթոռը ամէնէն շատ այս օրերուն պէտք ունի երկնային իմաստութեան:

Մենք ունինք համեստ մեր կարծիքը, միջին լուծում մը, զոր կը փափաքէի ներկայացնել այս պատկառելի ժողովին եւ յանձնել Վեհափառ Հայրապետի ուշադրութեան: Վստահաբար նոյն գաղափարները արդէն պիտի հնչեն այս հաւաքոյթի ընթացքին:

Այս խառնաշփոթ շրջանին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը դժբախտաբար հեղինակազրկուած է այլեւս եւ հապճեպով եւ ջղագրգռութեամբ առնուած որոշումներով պատճառ կը դառնայ որ հակամարտութիւնը հետզհետէ խորանայ եւ թնճուկային վիճակ ստանայ: Այսպէս էր Գէորգ Սրբազանին կարգալուծութեան որոշումը: Պատշաճը համբերելն էր այս եպիսկոպոսներու ժողովին եւ հոն ձեռք առնուէր Գէորգ եւ միւս ընդդիմադիր սրբազաններու վիճակը: Վեհափառը կարիքն ունի այս շրջանին իրեն պաղարիւնութիւն եւ խոհեմութիւն ներշնչելիք հեղինակաւոր ժողովականութեան մը, որ է սինոդականութիւն՝ իր կազմին ներգրաւելով նաեւ որոշ ընդդիմադիր եղբայրները: Այս սինոդական դրոյթը կրնայ գետին պատրաստել կառավարութեան հետ ելքի լուծումներ որոնելու եւ գտնելու ուղղութեամբ: Վեհափառին միշտ միտքը եղած է այսպիսի կառոյց մը հիմնել, անձնապէս գիտեմ, բայց երբեք կեանքի չէ կոչուած այս գաղափարը: 

Սա առիթ մըն է որ այս Եպիսկոպոսական ժողովը ընտրէ տասներկու աւագ եպիսկոպոսներ որպէսզի այս շրջանին Մայր Աթոռի կառավարման գործին նեցուկ կանգնին Վեհափառ Տիրոջ:

Եթէ Մայր Աթոռը չստանձնէ այս վարչական բարեփոխութիւնը, կը վախնամ ներկայ Գերագոյն հոգեւոր խորհրդին կազմով Վեհափառ հայրապետին հեղինակութիւնը անբաղձալի կերպով պիտի տկարանայ: Իշխանութիւններու հետ հաշտութեան եւ անցումային շրջանի համար մինչեւ Ազգային եկեղեցական ժողովի գումարումը սինոդականութիւնը կրնայ հանդիսանալ անցումային լուծում մը:  

Իսկ երկրորդ առաջարկս պիտի ըլլայ հետեւեալը. Եպիսկոպոսներու այս ժողովը լաւ կ՚ըլլայ որ ճշդէ այլեւս անհրաժեշտութիւն դարձած Ազգային եկեղեցական ժողովին համար թուական մը եւ կարգադիր յանձնախումբ մը: Սա կրնայ հանդարտեցնել որոշ կիրքեր:

Վեհափառ հայրապետին համբերութիւն, մտքի եւ սրտի անդորրութիւն կը մաղթեմ: Ինչ որ մեր եկեղեցիին օգտին է՝ այսպիսի ժողովներուն արտայայտուած հաւաքական միտքը շատ թանկագին է խնդիրներ վերլուծելու եւ լուծումներ հայթայթելու տեսակէտէն: Վստահ ըլլալով որ այս եպիսկոպոսական հաւաքն ալ այսպիսի օրհնաբեր արդիւնքներու ծնունդ պիտի տայ:

Բարի գործոց յաջողութեան լաւագոյն մաղթանքներով, բարի աշխատանք ձեր բոլորին:

ՍԱՀԱԿ Բ.

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅՈՑ

17.02.2026, Կ.ՊՈԼԻՍ