Նիկոլ Փաշինեանն ու Աննա Յակոբեանը ամուսնալուծուած են
Քանի մը օր առաջ Աննա Յակոբեանը ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած բաւական անորոշ գրառումով մը կը յայտարարէր թէ իր եւ Նիկոլ Փաշինեանի «քաղաքացիական ամուսնութիւնը աւարտած է»։
Այդ «անշուք» գրառումը շատ-շատերու կողմէ,– ինչպէս նաեւ մեր կողմէ,– մեկնաբանուեցաւ որպէս իրենց ամուսնութիւնը քայլ մը աւելի ամրապնդած ըլլալու մասին մանրամասնութեան մը յայտարարութիւնը։
Սակայն, Աննա Յակոբեանի Փետրուար 25-ին տեսագրած եւ ընկերային ցանցերու վրայ միայն երկու օր ետք շրջանառութեան դրած տեսանիւթէն կը պարզուի, որ հարցը տարբեր է եւ զոյգը ամուսնալուծուած է։
Տեսանիւթին մէջ, Աննա Յակոբեան ինք եւս կ՚ընդունի, որ իր նախորդ յայտարարութիւնը որոշ շփոթ պատճառած է եւ հարկ տեսած է աւելի՛ յստակ կերպով ներկայացնելու կացութիւնը։ Կ՚ըսէ, թէ կը լքէ վարչապետական առանձնատունը հաստատուելու համար այլ վայր մը, որ ներկայ պահուն դեռ չունի։ Ան ցոյց կու տայ նաեւ այն բոլոր թանկագին նուէրները զորս ստացած է որպէս վարչապետին կինը, որոնց համար կ՚ըսէ, թէ պիտի նուիրէ պետութեան։
Աննա Յակոբեանի այս տեսանիւթին ի պատասխան, վարչապետ Փաշինեան կատարած է հետեւեալ գրառումը Դիմագիրքի իր էջին.
«Աննայի որոշումին կը վերաբերիմ յարգանքով։
Վերջին 30 տարիներուն իմ բոլոր դժուարին օրերուն ան եղաւ իմ կողքին, եղաւ իմ ապաւէնն ու յենարանը։ Վստահ չեմ, թէ ես ալ իրեն համար եղայ նոյնը։
Թերեւս առաւելաբար դառնութիւն պատճառեցի, որուն համար ներողութիւն կը խնդրեմ»։
