ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍ – «Լեզուն Սփիւռքով մէկ. հայերէնի ապագայ ուղղութիւնները» — բազմամասնագիտական գիտաժողովը

Screenshot

Screenshot

ՅՈՒ. ԷՍ. ՍԻ. Դոռնսայֆի Հայկական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկը, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայ համայնքներու բաժնին հետ գործակցաբար, կը ներկայացնէ «Լեզուն Սփիւռքով մէկ. հայերէնի ապագայ ուղղութիւնները» — բազմամասնագիտական գիտաժողովը, որ տեղի կ՚ունենայ 2026 Փետրուար 27-էն Մարտ 1, Լոս Անճըլըսի Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ։

Գիտաժողովին հիմքը կը կազմէ ապագայատեսիլ հարց մը. ինչպէ՞ս կրնայ հայերէն լեզուն ծաղկիլ սփիւռքի մէջ։ Անկումի կամ կորուստի պատումներէ անդին անցնելով՝ գիտաժողովը կ՚առանձնացնէ նորարարութեան, ստեղծագործութեան եւ յաջողութեան օրինակները։ կ՚ընդգծէ այն նախաձեռնութիւնները, ռազմավարութիւնները եւ նպատակադրուած ջանքերը, որոնք կը պահպանեն եւ կ՚աշխուժացնեն հայերէնը՝ թէ՛ իր գրական ձեւերով, թէ՛ խօսակցական ու բարբառային տարբերակներով, սերունդներու եւ աշխարհագրութիւններու ընդմէջէն։

Ծրագիրը կազմուած է հետազօտութեան եւ կենդանի փորձի միջեւ երկխօսութիւն հաստատելու նպատակով։ Ան կ’ընդգրկէ ակադեմական նստաշրջաններու, կլոր սեղանի քննարկումներու, հիմնական դասախօսութիւններու, ուղղակի զրոյցներու եւ մասնագիտական ցուցադրութիւններու ամբողջութիւն մը, որ կը խրախուսէ համալսարանական գիտական, հետազօտական եւ մասնագիտական դերերու միջեւ փոխանակութիւնը։ Այս մօտեցման կիզակէտին է գիտնականներու, լեզուական կրթութեան, մշակութային արտադրութեան ու համայնքային գործունէութեան ոլորտներուն մէջ գործուն անձերու համագործակցութիւնը։

Ուրբաթ, Փետրուար 27-ին բացման խօսքով հանդէս եկան Շուշան Կարապետեան եւ Ռազմիկ Փանոսեան, կազմակերպիչ երկու հաստատութիւններու տնօրէնները։  Երեք օրերու երկայնքին այս ծրագրին կը մասնակցի 45 հոգի։