Միացեալ Նահանգներու հետաքրքրութիւնը
Հայաստանի ու TRIPP ծրագրին հանդէպ հետզհետէ կ’աճի ու կը խորանայ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ Հայաստանի մէջ պիտի արձանագրուի նոր ընկերութիւն մը՝ «TRIPP» անունով։
Ան պիտի ըլլայ հայ-ամերիկեան ընկերութիւն մը, որուն պիտի տրուի «Թրամփի երթուղի»-ի («Trump Route for International Peace and Prosperity» – TRIPP) գործարկման առնչուող բոլոր անհրաժեշտ ենթակառոյցները զարգացնելու իրաւունքը։ Այդ իրաւունքները կ՚ընդգրկեն ներդրումներ կատարել՝ երկաթուղիներու, մայրուղիներու, նաւթի ու կազի խողովակաշարերու եւ մանրաթելային (fibre optique) մալուխներու զարգացման ուղղութեամբ։
Կը նախատեսուի TRIPP-ի գործարկումը սկսիլ 2026-ին։ Վերջերս ամերիկեան պատուիրակութիւն մը այցելեց Հայաստան՝ քննարկելու ծրագրին իրագործման վերաբերող մանրամասնութիւններ։
Հայաստան աստիճանաբար կը վերածուի տարածաշրջանի կեդրոնին։ Բոլոր կարեւոր առեւտրային ուղիները՝ թէ՛ «Հիւսիս-Հարաւ»-ը եւ թէ՛ «Արեւելք-Արեւմուտք»-ը, պիտի անցնին Հայաստանի տարածքով։
ԱՄՆ-ու մէջ տեղի ունեցած է TRIPP-ի վերաբերեալ քննարկում,
որուն մասնակցած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի դեսպանները
Ինչպէս կը պարզուի ԱՄՆ-Ազերպայճան առեւտրական պալատի (USACC) յայտարարութենէն՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի դեսպաններ՝ Նարեկ Մկրտչեան եւ Խազար Իպրահիմ մասնակցած են TRIPP նախաձեռնութեան նուիրուած «կլոր սեղան»-ի ձեւաչափով քննարկման։
Միայն թէ՝ նկատեցինք, որ նշեալ հանդիպման մեզի հասանելի բոլոր նկարներէն՝ ԱՄՆ-ու եւ Ազերպայճանի դրօշներու կողքին բացակայ է հայկականը, ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, թէ TRIPP ծրագիրը ազերպայճանա-ամերիկեան է։ Թերեւս երեւոյթը ունի իր բացատրութիւնը, որ սակայն այժմ կը վրիպի մեզմէ։ Իսկ հակառակ պարագային՝ նախադէպը կրնայ լուրջ ցուցիչ մը ըլլալ մտահոգիչ յետին նպատակներու։
