«Մեկա Թրէյտ»-ը ազերպայճանական պենզինը պիտի վաճառէ շուկայականէն աւելի ցած գինով

«Մեկա Թրէյտ» ըն­կե­րու­թիւնը ազեր­պայճա­նական AI-95 «փրե­միում» տե­սակի պեն­զի­նը պի­տի վա­ճառէ լիթ­րը 440 դրա­մով, որ զգա­լիօրէն աւե­լի ցած է ներ­կայ շու­կա­յական 520 դրա­մէն։

Ըն­կե­րու­թիւնը Ազեր­պայճա­նէն գնած է մօ­տաւո­րապէս 600 թոն «փրե­միում» պեն­զին։ Այս մա­սին «Ազա­տու­թիւն» ձայ­նասփիւ­ռի կա­յա­նին տուած հար­ցա­զրոյ­ցին ըն­թացքին յայտ­նած է ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէն Կա­րէն Հայ­րի­եան։

Հա՞րկ է նշել, որ մինչ երե­ւոյ­թը կ՚ող­ջունեն հայ աշ­խարհի որոշ շրջա­նակ­ներ ըստ որոնց՝ դրա­ցի եր­կիրնե­րու հետ յա­րա­բե­րու­թիւննե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման կարեւոր նոր ցու­ցիչ մըն է այս, ու­րիշներ զայն կը նկա­տեն նոր դա­ւաճա­նու­թիւն մը, դրա­ցի թշնա­մի պե­տու­թեան գան­ձա­նակը լեց­նե­լու քայլ մը։ 

Պա­պոյեան. «Յա­ռաջի­կային Ազեր­պա­ճանէն ոչ միայն նոր նե­րածում կա­րելի է, այ­լեւ՝  Հա­յաս­տա­նէն դէ­պի Ազեր­պայճան ար­տա­ծում»

Դեկ­տեմբեր 28-ին, Գառ­նիի Սուրբ Աս­տուածա­ծին եկե­ղեց­ւոյ մօտ լրագ­րողնե­րուն հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի մը ըն­թացքին՝ Տնտե­սու­թեան նա­խարար Գէորգ Պա­պոյեան յայ­տա­րարած է, որ յա­ռաջի­կային Ազեր­պայճա­նէն ոչ միայն նոր նե­րածում կա­րելի է, այ­լեւ՝ Հա­յաս­տա­նէն դէ­պի Ազեր­պայճան ար­տա­ծում։

“Ոչ միայն նե­րածում կա­րելի է, այլ նաեւ՝ ար­տա­ծում։ Այս պա­հու դրու­թեամբ բա­ւական մրցու­նակ գին ստա­ցած ենք վրա­ցական եր­կա­թու­ղիէն, հե­տեւա­բար կա­րելիու­թիւննե­րը շատ են։ Ինչպէս սո­վորա­բար եղած է՝ իրենք յայ­տա­րարած են, մենք հաս­տա­տած ենք։ Ան­գամ մը եւս, կը կար­ծեմ, վրա­ցական եւ ազեր­պայճա­նական կող­մե­րը նոր եւ յա­ջող գոր­ծարքի մա­սին պի­տի յայ­տա­րարեն, դուք ալ մե­զի հար­ցում պի­տի յղէք, մենք ալ պի­տի հաս­տա­տենք”,– ըսած է Պա­պոյեան։

Նա­խարա­րը թուար­կած է ապ­րանքնե­րու ցան­կը, որոնք Հա­յաս­տա­նէն կրնան ար­տա­ծուիլ Ազեր­պայճան՝ ալիւ­մի­նիոմ, ալիւ­մի­նիոմէ թի­թեղ (փայ­լա­թիթեղ), ֆե­րոմո­լիպ­տեն, պտուղ-բան­ջա­րեղէն, որոշ տե­սակի խմիչքներ, տար­բեր տե­սակի հիւ­սուածե­ղէնի ար­տադրանքներ։

Գառ­նիի Սուրբ Աս­տուածա­ծին եկե­ղեց­ւոյ մէջ Դեկ­տեմբեր 28-ին մա­տու­ցուած կի­րակ­նօ­րեայ Պա­տարա­գին մաս­նակցած է նաեւ վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեան։