Հայերէն լեզուի նորարարութիւններ Նոր գործիքներ, նոր մեթոտաբանութիւններ, նոր հնարաւորութիւններ
Armenian Language Innovations - 1
ԱՄՆ Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան համագործակցութեամբ, Երեքշաբթի՝ 3 Մարտի երեկոյեան ժամը եօթին, Woodbury համալսարանին մէջ, կազմակերպուեցաւ հայերէն լեզուի ներկայ խնդիրներուն նուիրուած իւրայատուկ ձեռնարկ մը «Հայերէն լեզուի նորարարութիւններ — Նոր գործիքներ, նոր մեթոտաբանութիւններ, նոր հնարաւորութիւններ» խորագրով։
Ձեռնարկին զեկուցավարն էր Հասարակաբան եւ սփիւռքագէտ Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան: Ձեռնարկը յատուկ ուշադրութիւն դարձուց հայերէնի ապագային՝ մանաւանդ արեւմտահայերէնին։ Ձեռնարկին մասնակցեցան ճանչցուած մասնագէտ բանախօսներ՝ Փարիզէն լեզուաբան Փրոֆ. Անաիտ Տօնապետեան-Տէմոփուլոս, Լիզպոնէն Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժնի տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան եւ նորարար ծրագիրներու հեղինակ Տիկ. Անի Կարմիրեան: Անոնք ներկայացուցին ժամանակակից գաղափարներ, մանկավարժական մօտեցումներ եւ ստեղծարար կրթական գործիքներ, որոնք նպատակ ունին խթանելու լեզուի ուսուցման, վերակենդանացման եւ գործնական կիրարկումին դասարանային ու համայնքային միջավայրերու մէջ։
Ներկայացուած ծրագիրը յատկապէս նախատեսուած է ուսուցիչներու, մանկավարժներու, կրթական գործիչներու եւ հայ մշակոյթով ու լեզուով հետաքրքրուողներուն համար։
