Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութիւնը ընդունեց արեւմտահայերէն դասաւանդելու ծրագիրը

«Ասպա­րէզ» – Կլեն­տէյլի Հայ Դա­տի յանձնա­խումբը ու­րա­խու­թեամբ կը տե­ղեկաց­նէ, թէ Կլեն­տէյլի Միացեալ կրթաշրջա­նի վար­չութիւ­նը վա­ւերա­ցուց երկլե­զու դա­սաւան­դումնե­րու իր ծրա­գիրը ըն­դարձա­կելու որո­շու­մը՝ արեւմտա­հայե­րէնը եւս ընդգրկե­լով անոր մէջ, իր անձնա­կազ­մին կոչ ընե­լով, որ զայն ան­յա­պաղ գոր­ծադրու­թեան դնէ, մշա­կելով զայն իրա­կանաց­նե­լու յար­մար քայ­լե­րը։

Կլեն­տէյլի Հայ Դա­տի յանձնա­խումբը այս նա­խաձեռ­նութիւ­նը աշ­խուժօ­րէն յա­ռաջ մղած էր, վտան­գուած նկա­տուող արեւմտա­հայե­րէնով դա­սաւան­դումնե­րու կա­րելիու­թիւնը ստեղ­ծե­լու հա­մար շրջա­նի հա­յու­­թեան։

Կրթաշրջա­նին երկլե­զու դա­սաւան­դումնե­րու ներ­կայ ծրա­գիրը կ՚իրա­կանա­ցուի 7 լե­զու­նե­րով՝ արե­ւելա­հայե­րէն, ֆրան­սե­րէն, գեր­մա­ներէն, իտա­լերէն, ճա­փոնե­րէն, գո­րէայե­րէն եւ սպա­ներէն, նա­խաման­կա­պար­տէ­զէն եւ ման­կա­պար­տէ­զէն սկսեալ, աւե­լի՛ զար­գացնե­լով աշա­կերտնե­րուն լե­զուամ­տա­ծողու­թիւնը։ Ներ­կա­յիս անոր կը մաս­նակցին շուրջ 3000 աշա­կերտներ։

Կլեն­տէյլի Հայ Դա­տի յանձնա­խումբի ատե­նապետ Լու­սի Պետ­րո­սեան ող­ջունեց արեւմտա­հայե­րէնը երկլե­զու դա­սաւան­դումնե­րու ծրագ­րին մէջ ընդգրկե­լու՝ Կլեն­տէյլի Միացեալ կրթաշրջա­նի վար­չութեան որո­շու­մը, շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­լով անոր նե­ցուկ կանգնող­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս քա­ղաքի քար­տուղար դոկտ. Սիւ­զի Ապա­ճեանին։

Իր կար­գին, Ապա­ճեան յոյս յայտնեց, որ ծրա­գիրը ան­յա­պաղ գոր­­ծադրու­թեան պի­տի դրուի։ 

Արեւմտեան Ամե­րիկա­յի Հայ Դա­տի յանձնա­խումբի ատե­նապետ Օշին Յա­րու­թիւնեան եւս դրուատեց Կլեն­տէյլի Միացեալ կրթաշրջա­նի վար­չութեան որո­շու­մը, զայն քա­ղաքին եւ հայ հա­մայնքին մի­ջեւ շի­նիչ գոր­ծակցու­թեան ար­գա­սիքը նկա­տելով։