Ազերպայճան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հայաստանին
Ազերպայճան շնորհակալութիւն կը յայտնէ միջազգային գործընկերներուն, որոնց շարքին նաեւ՝ Հայաստանին, Նախիջեւանի դէմ իրանական անօդաչուներու հարուածներէն ետք ցուցաբերուած աջակցութեան համար
Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երախտագիտութիւն յայտնած է միջազգային գործընկերներուն, ներառեալ՝ Հայաստանին, Նախիջեւանի տարածքին իրանական անօդաչու սարքերու հարուածներէն ետք զօրակցական յայտարարութիւններու, նամակներու եւ հեռաձայնային զանգերու համար։ «X»-ի (նախկին՝ Թուիթըր) վրայ հրապարակուած յայտարարութեան կից նկարին մէջ, շնորհակալութեան արժանացած երկիրներու դրօշներուն շարքին զետեղուած է նաեւ Հայաստանի դրօշը։
«Մեր անկեղծ երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Ազերպայճանի Հանրապետութեան տարածքին դէմ իրանական անօդաչուներու հարուածներէն ետք մեր միջազգային գործընկերներէն ստացուած աջակցութեան յայտարարութիւններուն, նամակներուն եւ հեռաձայնային զանգերուն համար։ Մենք բարձր կը գնահատենք Ազերպայճանի հանդէպ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը եւ մեր երկրի գերիշխանութեան, հողային ամբողջականութեան ու սահմաններու անձեռնմխելիութեան հանդէպ աջակցութեան յստակ վերահաստատումը։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր այն երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, որոնք այս ընթացքին կանգնեցան Ազերպայճանի կողքին, եւ կը գնահատենք անոնց շարունակական աջակցութիւնն ու ներգրաւուածութիւնը»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Մարտ 5-ին Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ Իրանի տարածքէն անօդաչուներով յարձակումներ գործուած են Ազերպայճանի Հանրապետութեան Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան դէմ։ Ըստ յայտարարութեան՝ անօդաչուներէն մէկը հարուածած է Նախիջեւանի օդակայանի շէնքը, իսկ միւսը ինկած է Շաքարապատ գիւղի դպրոցի մը շէնքին մօտ։
Աւելի ուշ, թէ՛ հայկական եւ թէ՛ ազերպայճանական կողմերը մամլոյ հաղորդագրութիւններ տարածեցին Մարտ 5-ին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամովի միջեւ կայացած հեռաձայնային զրոյցին վերաբերեալ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ զրոյցի ընթացքին նախարարները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանի վերջին զարգացումներուն շուրջ։ Կողմերը մտահոգութիւն յայտնած են եւ ընդգծած լարումը աւելի սաստկացնող գործողութիւններէ զերծ մնալու կարեւորութիւնը՝ շեշտելով կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը։ Նախարարները նաեւ մատնանշած են Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ մնայուն խաղաղութեան ապահովման կարեւորութիւնը ու միտքեր փոխանակած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ։
