Թրամփ. «Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւնը շատ շուտով պիտի աւարտի»

Թրամփ 2

«Իսկ նեղուցի փակման պարագային հարուածը պիտի ըլլայ 20 անգամ աւելի ուժգին»

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ անցեալ ամսավերջին Իրանի դէմ սկսուած ռազմական գործողութիւնը «շատ շուտով» պիտի աւարտի, սակայն միեւնոյն ժամանակ խստիւ զգուշացուցած է, որ եթէ Թեհրանը փորձէ խափանել Մերձաւոր Արեւելքէն նաւթի հոսքը Հորմուզի նեղուցով, Ուաշինկթըն պիտի հարուածէ «քսան անգամ աւելի ուժգին»։

Ֆլորիտայի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Թրամփ նշած է. “Մենք շատ վճռական կերպով կը յաղթենք։ Մենք նախատեսուած ժամանակացոյցէն շատ աւելի առաջ ենք։ Պատասխանելով «արդեօք գործողութիւնը պիտի աւարտի՞ այս շաբաթ» հարցումին, ան ակնարկած է, թէ ո՛չ, բայց աւելցուցած է՝ “Շուտո՛վ, շա՛տ շուտով”։

Անդրադառնալով նաւթի մատակարարման խնդիրին՝ Սպիտակ տան ղեկավարը շեշտած է. «Ես թոյլ պիտի չտամ, որ ահաբեկչական վարչակարգը աշխարհը պատանդ պահէ եւ փորձէ դադրեցնել նաւթի համաշխարհային մատակարարումը»։ Իր «Truth Social» հարթակին վրայ կատարած գրառումին մէջ ան զգուշացուցած է. “Բացի ատկէ, մենք պիտի ոչնչացնենք դիւրաւ խոցելի թիրախներ, որոնք գործնականապէս անկարելի պիտի դարձնեն Իրանի վերականգնումը”։

Նշենք, որ նախապէս Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու պահակազօրքը յայտարարած էր, թէ թոյլ պիտի չտայ Մերձաւոր Արեւելքէն «մէկ լիթր նաւթ» իսկ արտածել, եթէ ամերիկեան եւ իսրայէլեան յարձակումները շարունակուին։

Այս պահուս Հորմուզի նեղուցը կը շարունակէ փակ մնալ։ Աշխարհին մատակարարուող ուժանիւթի (նաւթ, նաւթամթերք, բնական կազ) մեծ մասը կ՚անցնի Իրանի հարաւը գտնուող այս նեղուցով։ Ամէն օր աշխարհին մատակարարուող վառելանիւթին մօտաւորապէս 20 տոկոսը կը հոսի այս ճամբով։

Իսլամական յեղափոխութեան պահակազօրքը յայտարարած է, թէ Հորմուզի նեղուցին մէջ «կը սպասէ» ամերիկեան ռազմանաւերուն

Հորմուզի նեղուցը պաշտպանելու վերաբերեալ Թրամփի վերոնշեալ յայտարարութիւններուն լոյսին տակ, Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու պահակազօրքի ներկայացուցիչ Ալի Մոհամմատ Նայինի յայտարարած է, թէ իրանցի զինուորականները հոն արդէն կը սպասեն ամերիկեան նաւատորմին։