Վերջին շաբթուան ընթացքին Լիբանանի մէջ շուրջ 700 հազար հոգի տեղահանուած է
Իսրայէլեան օդային հարուածէն ետք՝ Պէյրութի հարաւային արուարձան Տահիէի պարզած պատկերը
Մինչ բոլոր հայեացքները ուղղուած են դէպի Իրան, Լիբանան եւս քաոսային օրեր կ՚ապրի իսրայէլեան հարուածներու տակ։
Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան՝ ՄԱԿ-ը կը յայտնէ, թէ վերջին շաբթուան ընթացքին Լիբանանի մէջ ռազմական գործողութիւններուն պատճառով շուրջ 700 հազար հոգի լքած է իր բնակարանը։ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն արդէն զոհ գացած է շուրջ 500 հոգի, եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն համաձայն՝ զոհերուն թիւը օրական կ՚աճի շուրջ հարիւրով։
