Դատական գործընթաց՝ արտասահմանի մէջ Հայաստանի քաղաքացիներուն վրայ բանեցուող նախընտրական ճնշումներուն գծով

Ճնշում-1

Հայաստանի Քննչական կոմիտէն դատական գործընթացի նախաձեռնած է՝ հիմնուելով Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան (ԱՀԾ) հրապարակած տեղեկութիւններուն վրայ, ըստ որոնց արտասահմանի մէջ լուրջ ճնշումներ կը բանեցուին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն վրայ՝ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն միջամտելու նպատակով։ Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն՝ օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւններու անունով հանդէս եկող տարբեր դերակատարներ, ներառեալ մեծահարուստ գործարարներ, հայկական համայնքի ղեկավարներ եւ քրէական հեղինակութիւններ, կը փորձեն նիւթապէս շահագրգռելով պարտադրել հոն տնտեսական գործունէութիւամբ զբաղող հայերը, որպէսզի վերջիններս աջակցին ընտրութիւններուն մասնակցող որոշակի քաղաքական ուժերու: Այս հարկադրանքին եւ նիւթական նպաստի ծրագիրը կ՚ընդգրկէ ընտրողներուն Հայաստան տեղափոխման, ճամբորդութեան եւ կեցութեան բոլոր ծախսերուն ամբողջական հատուցումը:

Այս ահազանգերուն լոյսին տակ, Քննչական կոմիտէի Յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութիւնը արդէն ձեռնամուխ եղած է անհրաժեշտ ապացուցողական եւ իրաւական գործողութիւններու՝ քաղաքացիներու կամքի ազատ արտայայտումը խոչընդոտող այս ապօրինի քայլերը բացայայտելու համար։ Կոմիտէն խստօրէն կը յորդորէ բոլոր կողմերուն ձեռնպահ մնալ ընտրական գործընթացներուն միջամտելէ՝ զգուշացնելով, որ օրէնքով թոյլատրուած ամբողջ գործիքակազմով պիտի չէզոքացնէ հնարաւոր բոլոր ապօրինի քայլերը։