Փաշինեան կը հաստատէ. Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէնը հեռացուած է ԱՄՆ-ու փոխնախագահին Արցախի հարցը արծարծելուն եւ գիրք նուիրելուն պատճառով
Վարչապետ Փաշինեան լրագրողներու հետ Մարտ 12-ի կարճ զրոյցին ընթացքին պաշտօնապէս հաստատած է, որ անձամբ պահանջած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Էդիտա Գզոյեանի հրաժարականը։ Վարչապետը չէ հերքած, որ իր յանձնարարականին բուն պատճառը շուրջ մէկ ամիս առաջ Ծիծեռնակաբերդ այցելած Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենսի հետ զրոյցին Արցախի հարցը յիշատակելն է, ինչպէս նաեւ անոր այդ նիւթին վերաբերեալ գիրք նուիրելը։ Փաշինեան այս քայլը որակած է կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան դէմ ուղղուած «գրգռիչ գործողութիւն»։
Վերջ դնելով տնօրէնի հեռացման շուրջ մամուլի մէջ շրջող զանազան վարկածներուն,– որոնց գլխաւորը կը վերաբերէր Ծիծեռնակաբերդի մէջ ընթացող վերանորոգութեան աշխատանքներուն ոչ-գոհացուցիչ բնոյթին,– Փաշինեան խստօրէն քննադատած է կատարուածը, նշելով. “Այո՛, ես խնդրեցի, որ ան հրաժարականի դիմում գրէ։ Օտարերկրեայ հիւրին Արցախի հարցով գիրք նուիրելը ի՞նչ կը նշանակէ։ Երբ երկրի վարչապետը կ՚ըսէ, որ Ղարաբաղեան շարժում չկայ, այս երկրին մէջ քանի՞ հոգի կրնայ արտաքին քաղաքականութիւն վարել։ Հայաստանի մէջ արտաքին քաղաքականութիւն կը վարէ միայն կառավարութիւնը։ Որեւէ պետական պաշտօնեայ, որ կառավարութեան քաղաքականութեան հակասող բան կ՚ըսէ կամ կ՚ընէ, պիտի հեռացուի աշխատանքէն։ Մենք պետութիւ՞ն ենք, թէ՞ սիրողական խմբակ մը, ուր մեր ստեղծագործական ներուժը կը փորձարկենք։ Սա պետութիւն է՝ իր կառավարման տրամաբանութեամբ, եւ հոս անմեղ ձեւանալու կամ արդարանալու բացարձակապէս տեղ չկայ”։
Յիշեցնենք, որ ամերիկացի բարձրաստիճան հիւրին այցէն ետք մամուլը հաղորդած էր կատարուածին մասին, թէեւ Վենս բուն թանգարանի շէնքէն ներս չէր մտած։ Մինչեւ Փաշինեանի այս պաշտօնական բացայայտումը, թանգարանի անձնակազմը ահազանգած էր, որ տնօրէնը հրաժարական կու տայ նախարարութեան ճնշումներուն տակ։ Ի նշան բողոքի, հիմնարկի 74 աշխատակիցներուն բոլորը աննախադէպ միասնականութեամբ բողոքած էին Էդիտա Գզոյեանի պաշտօնանկութեան որոշման դէմ։
