«THE MUSE» եւ «Jardins d’Arménie». հայկական բարձրորակ նորաձեւութիւնն ու նրբաճաշակ ապրելու արուեստը՝ Փարիզի մէջ

095hRQG9ED89SvnvArQJMfOlKOLyY9WU6LT9CaMQ

Փարիզի նորաձեւութեան շաբթուան (Paris Fashion Week) ծիրէն ներս, պատմական Օփերա Կառնիէի (Opéra Garnier) մէջ տեղի ունեցաւ «THE MUSE, powered by Jardins d’Arménie» բացառիկ ցուցադրութիւնը։ Այս իրադարձութիւնը նշանաւորեց հայկական երկու շքեղ ապրանքանիշերու՝ «THE MUSE»-ի եւ «Jardins d’Arménie» արքայական քոնեաքի ինքնատիպ համագործակցութիւնը։ Կանանց հագուստի 2026-2027 աշուն-ձմեռ նոր հաւաքածոն ներկայացուեցաւ իբրեւ ստեղծարար երկխօսութիւն այս երկու աշխարհներուն միջեւ, ուր կը միահիւսուին բարձրորակ նորաձեւութիւնը (couture), իւրայատուկ կերպասներու մշակոյթն ու ապրելու արուեստը (Art de Vivre)։

Ձեւաւորող (designer) Մանէ Խաչատրեանի հիմնադրած «THE MUSE»-ը հայկական նորաձեւութեան առաջին տուներէն է, որ իր հաւաքածոները ցուցադրած է Միլանոյի, Փարիզի եւ Նիւ Եորքի մէջ։ Այս ցուցադրութեան համար ներշնչման աղբիւր ծառայած է «Jardins d’Arménie»-ն, որուն միջոցով բացայայտուած են ինքնութեան եւ մշակութային փոխակերպման թեմաներ՝ լիովին համահունչ «Pogossian Luxury Brand House»-ի փիլիսոփայութեան։ Թէ՛ ընկերութեան համասեփականատէր Արմէն Պօղոսեան, թէ՛ ալ Մանէ Խաչատրեան ընդգծած են, որ այս միացեալ աշխատանքը հայկական կենդանի ժառանգութեան, արհեստագործական վարպետութեան եւ ժամանակակից նրբաճաշակութեան կատարեալ մարմնաւորումն է Օփերա Կառնիէի խորհրդանշական յարկին տակ։

Իր կարգին, «THE MUSE»-ի գործընկեր «Jardins d’Arménie»-ն հայկական ժառանգութեան արդիական մեկնաբանութիւն մըն է։ Ան բարձրակարգ ոգելից ըմպելիներու նոր դասակարգ մըն է, որ կը պատրաստուի հայկական բնաշխարհի իւրայատուկ «Ոսկեհատ» խաղողէն եւ կ՚անցնի հասունացման եզակի գործընթացէ։ Նշենք, որ այս արտադրանքին եւրոպական շնորհահանդէսը տեղի ունեցած էր 2025 Սեպտեմբերին, Մոնաքոյի մէջ՝ իշխան Ալպէր Բ.-ի ներկայութեամբ։ 1992-էն ի վեր բացառիկ արտադրանքներ ստեղծող Պօղոսեան ընտանիքին պատկանող այս ապրանքանիշը, որ ներկայացուած է աւելի քան 40 երկիրներու մէջ, այսօր հաստատուած է Մոնաքոյի, Ֆրանսայի եւ եւրոպական շարք մը այլ ընտրեալ շուկաներու մէջ՝ բաւարարելով միջազգային յաճախորդներու ամենախիստ պահանջքները։