Երեւանի մէջ պիտի տեղադրուի Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեանի կիսանդրին

Մանուշեան

Երեւանի քաղաքապետարանի աւագանիի Մարտ 12-ի նիստին պաշտօնական որոշում կայացուած է մայրաքաղաքի կեդրոնը գտնուող եւ Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեանի անունը կրող զբօսայգիին մէջ տեղադրել ականաւոր հայորդիին կիսանդրին։ Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան յայտնած է, որ մրցութային հանգրուաններէ անցած եւ ընտրուած այս քանդակը բաւական ուշագրաւ ստեղծագործութիւն մըն է։

Հայ բանաստեղծ, հակաֆաշական եւ Ֆրանսական Դիմադրութեան շարժումի անձնուրաց մարտիկ Միսաք Մանուշեան, Բ. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ղեկավարած է եւրոպացի գաղթականներէն, ներառեալ մեծաթիւ հրեաներէ կազմուած զինեալ խմբաւորում մը, որ բազմաթիւ գործողութիւններ իրականացուցած է նացիներուն դէմ։ Պատմաբաններու համոզումով, Մանուշեանի խումբը եղած է Ֆրանսական Դիմադրութեան ամէնէն գործօն օղակներէն մէկը։ Մանուշեանն ու իր զինակիցները ձերբակալուեցան 1943 Նոյեմբերին եւ 1944 Փետրուար 21-ին գնդակահարուեցան՝ նացիական բռնագրաւիչ ուժերուն կողմէ, ընդմիշտ ճանչցուելով իբրեւ Ֆրանսայի ազատագրութեան հերոսներ։