Հայաստան նոր մարտահրաւէրներու շեմին

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Մի­ջին Արե­ւել­քը՝ Պարսկաս­տա­նէն մին­չեւ Իս­րա­յէլ, ռումբե­րու եւ հրթիռ­նե­րու տե­ղատա­րափի տակ է։ Իս­րա­յէլի դրդու­մով՝ ԱՄՆ-ու նա­խագահ Տա­նըլտ Թրամ­փի ար­կա­ծախնդրա­կան յար­ձա­կու­մը Իրա­նի վրայ, տա­րածաշրջա­նը վե­րածեց դժոխ­քի՝ յան­գեցնե­լով աւե­րածու­թեան, թշուառու­թեան եւ մարդկա­յին ան­տե­ղի կո­րուստնե­րու։ Եւ այս բո­լորը յա­նուն ին­չի՞. ծայ­րա­յեղա­կան, ցե­ղապաշ­տա­կան ու ցնո­րամիտ կրօ­նական հա­ւա­տա­լիք­նե­րո՞ւ։ Ո՛չ Իս­րա­յէլի յաղ­թա­նակը յոյս կը ներշնչէ, ո՛չ ալ Տա­նըլտ Թրամ­փի ղե­կավա­րած Ամե­րիկա­յինը։ Ար­կա­ծախնդրա­կան այս ռազ­մա­վարու­թիւնը ջու­րի երես հա­նեց եւ­րո­պական ժո­ղովրդա­վար ու ազա­տամիտ եր­կիրնե­րու ան­կա­րողու­թիւնը՝ պաշտպա­նելու մի­ջազ­գա­յին օրէնքն ու ար­դա­րու­թիւնը, ինչպէս նաեւ մարդկա­յին իրա­ւունք­նե­րը։

Ակա­նատես կ՚ըլ­լանք մի­ջազ­գա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մէջ պե­տու­թիւննե­րու ինքնիշ­խա­նու­թեան սպառ­նա­ցող՝ դրա­մատի­րական ու ար­հեստա­գիտա­կան հսկա­յական կա­րողու­թիւննե­րու տէր նոր դէմ­քե­րու ի յայտ գա­լուն, որոնք ամ­բողջո­վին կը փո­խեն քա­ղաքա­կան դա­սական խա­ղի մի­ջազ­գա­յին օրէնքնե­րը։ Թե­րեւս այդ խա­ղի օրէնքնե­րը միշտ ալ խախ­տած են, սա­կայն այ­սօր անոնք աւե­լի տե­սանե­լի են՝ շնոր­հիւ ըն­կե­րային ցան­ցե­րու, լրաս­փիւռնե­րու եւ ար­հեստա­գիտու­թեան ըն­ձե­ռած նոր գոր­ծիքնե­րուն։

ԱՄՆ-Իս­րա­յէլ-Իրան պա­տերազ­մի ներ­կայ փու­լին մէջ ընդգրկուած դե­րակա­տար­նե­րու շրջա­նակը շատ աւե­լի լայն է, քան նա­խոր­դը։ Ներգրա­ւուած են Մի­ջին Արե­ւել­քի բո­լոր այն եր­կիրնե­րը, ուր ամե­րիկեան ռազ­մա­խարիսխներ կան, ինչպէս նաեւ Ծո­ցի բո­լոր եր­կիրնե­րն ու մին­չեւ իսկ Թուրքիա եւ Կիպ­րոս։ Թա­տերա­բեմ իջած են նաեւ աւե­լի մեծ խա­ղացող­ներ՝ ի դէմս Ռու­սաստա­նի եւ Չի­նաս­տա­նի։

Հաս­տատ է, որ պա­տերազ­մի աւար­տին տա­րածաշրջա­նը ժո­ղովրդագ­րա­կան եւ ու­ժա­յին կեդ­րոն­նե­րու նոր պատ­կեր պի­տի ստա­նայ, եթէ ան­շուշտ հա­կամար­տութիւ­նը աւե­լի չծա­ւալի՝ իր մէջ նե­րառե­լով նոր դե­րա­կա­տար­ներ (ինչպէս քիւրտերն ու այլ փոք­րա­մաս­նութիւններ) կամ նոր պե­տու­թիւններ (Թուրքիան, Եւ­րո­պան, Չի­նաս­տա­նը…)։

Նկա­տի ու­նե­նալով, որ Մի­ջին Արե­ւել­քը հայ­կա­կան սփիւռքի ամե­նէն կեն­սունակ հա­մայնքնե­րու կեդ­րո­նատե­ղին է, ան­ցեալ տաս­նա­մեակ­նե­րու պա­տերազմնե­րը ար­դէն իսկ ծանր հա­րուած­ներ հաս­ցուցին անոնց։ Ներ­կայ իրա­վիճա­կը ա՛լ աւե­լի կը հիւ­ծէ, կը սպառ­նայ ու կը տկա­րաց­նէ այդ հա­մայնքնե­րը՝ զա­նոնք մղե­լով ար­տա­գաղ­թի դէ­պի Հա­յաս­տան կամ Արեւ­մուտք։

Ինչ կը վե­րաբե­րի Հա­յաս­տա­նին, ապա Իրա­նի սահ­մա­նակից ըլ­լա­լով հան­դերձ, ներ­կայ հանգրուանին կը մնայ խա­ղաղ ու պայ­թումնե­րէ հե­ռու. սա­կայն տնտե­սական գետ­նի վրայ Պարսկաս­տա­նի հետ առեւ­տուրը անո­րոշ ժա­մանա­կով կը մնայ խա­փանուած։ Քա­րիւ­ղի գի­ներու աճը, ինչպէս նաեւ կարգ մը ապ­րանքնե­րու սա­կաւու­թիւնը, ան­խուսա­փելիօրէն պի­տի յան­գեցնեն սղա­ճի։

Տնտե­սական տագ­նապնե­րէն ան­դին, մտա­հոգիչ են ամե­րիկեան ձա­խաւեր քա­ղաքա­կանու­թեան հե­տեւանքնե­րը Հա­յաս­տան-Ազեր­պայճան յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն վրայ. քա­նի որ ԱՄՆ-ն հան­դի­սացաւ այն միակ երաշ­խա­ւոր պե­տու­թիւնը, որ կրցաւ Ազեր­պայճանն ու Հա­յաս­տա­նը նոյն սե­ղանին շուրջ նստեց­նել՝ խա­ղաղու­թեան հա­մաձայ­նագիրը նա­խաս­տո­րագ­րե­լու եւ միա­ժա­մանակ, այսօր «Թրամ­փի ու­ղի» անուանուող առանցքը կեան­քի կո­չելու հա­մար, որ տա­րածաշրջա­նին մէջ տնտե­սական բար­գա­ւաճ­ման ազ­դակ պի­տի դառ­նար։ Ու­ժե­րու ներ­կայ յա­րաբե­րութեան խախտման պա­րագա­յին, պէտք է վե­րահա­շուար­կել, թէ խա­ղաղու­թեան պահ­պանման հա­մար ի՞նչ գին պի­տի պա­հան­ջուի Հա­յաս­տա­նէն։ ԱՄՆ-ու ռազ­մա­կան յաղ­թա­նակի պա­րագա­յին՝ Իրա­նի իշ­խա­նու­թեան տա­պալու­մը պի­տի հզօ­րաց­նէ Ազեր­պայ­ճա­նի ազ­դե­ցու­թիւնը։ Հա­յաս­տա­նի հա­մար Իրա­նը կա­րեւոր հա­կակ­շիռ էր՝ Ազեր­պայճա­նի հո­ղային ախոր­ժա­կը զսպե­լու մէջ։ Իսկ Իրա­նի յաղ­թա­նակի պա­րագա­յին, ԱՄՆ-ու տկա­րացու­մը պի­տի զօ­րաց­նէ Ռու­սաստա­նի ազ­դե­ցու­թիւնը, ինչ որ պի­տի խան­գա­րէ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թեան հա­ւասա­րակշռուած բազ­մա­զանամէտ ռազ­մա­վարու­թեան իրա­գոր­ծումը։ 

Ժ.Չ. ■