Ականաւոր 25 գիտնականներ կը պահանջեն Գզոյեանի վերահաստատումը, մինչ Փաշինեանի նախկին օգնականը կը ստանձնէ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի ղեկավարութիւնը

Zartonk Web Thumbnail - 5

Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի առաջատար համալսարաններէն ականաւոր 25 գիտնականներ միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակած են՝ իրենց խոր մտահոգութիւնը յայտնելով Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի (ՀՑԹՀ) տնօրէն Էդիտա Գզոյեանի հրաժարականին առնչութեամբ, որ ըստ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, կատարուած է իր հրահանգով։ Գիտնականները պահանջած են անոր անյապաղ վերահաստատումը, մինչ հիմնարկի Հոգաբարձուներու խորհուրդը Փաշինեանի նախկին օգնական Հրաչեայ Թաշչեանը նշանակած է տնօրէնի առժամեայ պաշտօնակատար։

Գիտնականները զգուշացուցած են, որ Գզոյեանի պարտադրուած հեռացումը կը սպառնայ հիմնարկի անկախութեան, կը խարխլէ անոր միջազգային հեղինակութիւնը եւ մտահոգիչ պատգամ մը կը յղէ ակադեմական հաստատութիւններու մէջ քաղաքական միջամտութեան վերաբերեալ։

Հակառակ ահագնացող հակազդեցութեան՝ Թաշչեան Մարտ 13-ին պաշտօնապէս ստանձնած է տնօրէնի առժամեայ պաշտօնակատարի իր պարտականութիւնները։

Նեպրասքա-Լինքըլնի համալսարանի Մերձաւոր Արեւելքի ժամանակակից պատմութեան դասախօս Պետրոս Տէր Մաթոսեանի կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը կ՚ընդգծէ Գզոյեանի ներդրումը արխիւային հաւաքածոներու ընդլայնման, միջազգային համագումարներու կազմակերպման եւ գիտական հրատարակութիւններու պատրաստման մէջ, որոնք ամրապնդած են Հայոց ցեղասպանութեան եւ յարակից պատմական իրադարձութիւններու համաշխարհային ըմբռնումը։

Գիտնականները նաեւ կը շեշտեն, որ սերտօրէն գործակցած են ՀՑԹՀ-ի հետ՝ համագումարներու, խմբագրական եւ ակադեմական խորհուրդներու, միացեալ գիտական նախաձեռնութիւններու եւ ակադեմական հրատարակութիւններու ընդմէջէն՝ զգուշացնելով, որ Գզոյեանի հեռացումը կրնայ լրջօրէն վտանգել Հիմնարկին ապագան, ցեղասպանութեան առաջատար գիտնականները կրնան յուսախաբ ըլլալ ՀՑԹՀ-ի հետ իրենց համագործակցութենէն, ինչպէս նաեւ խնդրոյ առարկայ հեռացումը. Կրնայ տկարացնել ՀՑԹՀ-ի առաքելութեան առանցքը հանդիսացող միջազգային ակադեմական գործընկերութիւնները։

Գիտնականները նաեւ կը մատնանշեն Գզոյեանի դերակատարութիւնը՝ ԱՄՆ-ու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենսի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր կատարած այցելութեան ընթացքին, երբ ան ներկայացուցած էր թէ՛ Հայոց ցեղասպանութեան եւ թէ՛ Արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ աշխատութիւններ, ինչպէս նաեւ անդրադարձած էր աւելի ուշ Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հակահայկական բռնութիւններուն։

Նախքան իր նշանակումը լրագրողներուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Թաշչեան դրուատած է Գզոյեանը եւ շեշտած, որ ան պիտի շարունակէ ներգրաւուած մնալ թանգարանի աշխատանքներուն մէջ։

“Անշուշտ, ան պիտի շարունակէ աշխատիլ։ Առանց անոր՝ չեմ կրնար պատկերացնել, թէ Հիմնարկը ինչպէս կրնայ շարունակել իր գործունէութիւնը։ Կարելի է ըսել, որ ան առանցքային դէմք է եւ հոյակապ գիտնական մը”,– ըսած է ան։

ՀՑԹՀ-ի աշխատակազմն ու հիմնարկի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են Գզոյեանին։ Ի նշան բողոքի՝ Հոգաբարձուներու խորհուրդի քանի մը անդամներ եւս հրաժարական տուած են, ներառեալ ցեղասպանագէտ-պատմաբան Ռեմոն Գէորգեանը։

Գիտնականները կը զգուշացնեն, որ այս միջադէպը կը ցոլացնէ անկախ ակադեմական հաստատութիւններու վրայ քաղաքական ազդեցութեան աւելի լայն եւ մտահոգիչ միտում մը։ Անոնք շեշտած են, որ ՀՑԹՀ-ն պարզապէս թանգարան մը չէ, այլեւ պատմական յիշողութեան եւ գիտական ուսումնասիրութեան առանցքային կեդրոն մը, եւ որ անոր ղեկավարութիւնը պէտք է մնայ անկախ։

Անոնք կոչ կ՚ուղղաեն, որ ղեկավար պաշտօններու նշանակումները հիմնուին ակադեմական արժանիքներու եւ ոչ թէ քաղաքական նկատառումներու վրայ՝ պահպանելու համար Հիմնարկին վստահելիութիւնը, պաշտպանելու անոր առաքելութիւնը եւ վայելելու միջազգային ակադեմական հանրութեան վստահութիւնը։

Յայտարարութիւնը ստորագրուած է հետեւեալ 25 գիտնականներուն եւ ակադեմական գործիչներուն կողմէ.

  • Փրոֆ. Պետրոս Տէր Մաթոսեան, Պատմութեան դասախօս, Հրէական ուսումնասիրութիւններու «Հայմըն Ռոզընպէրկ» ամպիոն, Նեպրասքա-Լինքըլնի համալսարան
  • Փրոֆ. Էլիզ Սէմէրճեան, Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու «Ռոպըրթ Արամ եւ Մարիան Գալուստեան» եւ «Սթեֆըն եւ Մարիան Մուկար» ամպիոն, Հոլոքոսթի եւ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու Սթրասլըր կեդրոն, Գլարք համալսարան
  • Փրոֆ. Արմէն Մարսուպեան, Իմաստասիրութեան դասախօս, Հարաւային Գոնեքթիքըթի նահանգային համալսարան
  • Փրոֆ. Քիթ Ուաթընփօ, Մարդկային իրաւանց ուսումնասիրութիւններու դասախօս, Գալիֆորնիոյ համալսարան, Տէյվիս
  • Փրոֆ. Մելանի Շուլցէ Դանիէլեան, Պատմութեան դասախօս, Միշիկընի համալսարան, Անն Արպըր
  • Դոկտ. Սիմոն Մաղաքեան, Ասիական եւ մերձաւորարեւելեան ուսումնասիրութիւններու բաժանմունքի անդամ, Օքսֆորտի համալսարան
  • Դոկտ. Պորիս Աճէմեան, ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան գրադարանի տնօրէն
  • Պրն Մարք Մամիկոնեան, ակադեմական հարցերու տնօրէն, Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու ազգային ընկերակցութիւն (NAASR)
  • Փրոֆ. Վահէ Թաշճեան, «Յուշամատեան», Պերլին, Հայագիտութեան «Արամ Հրեշտակեան» ամպիոն, Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարան
  • Փրոֆ. Հուրի Պէրպէրեան, Պատմութեան դասախօս, Հայագիտութեան «Մեղրունի ընտանիք» ամպիոն, Գալիֆորնիոյ համալսարան, Ըրվայն
  • Փրոֆ. Հենրի Թերիօ, Հայկական ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու ազգային ընկերակցութեան տնօրէններու խորհուրդի փոխատենապետ եւ Genocide Studies International-ի համախմբագիր
  • Փրոֆ. Ռոնալտ Գրիգոր Սիւնի, Պատմութեան վաստակաշատ դասախօս (William H. Sewell Jr.), Միշիկընի համալսարան, Քաղաքագիտութեան եւ պատմութեան վաստակաշատ դասախօս, Շիքակոյի համալսարան
  • Փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, Հայագիտութեան «Հայկ եւ Իզապէլ Պէրպէրեաններ» ծրագիրի համակարգող, Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարան, Ֆրեզնօ
  • Փրոֆ. Լոռի Խաչատուրեան, դասախօս, Մերձաւորարեւելեան ուսումնասիրութիւններու եւ մարդաբանութեան բաժանմունքներ, Գորնէլի համալսարան
  • Դոկտ. Հիլմար Քայզըր, Պեռնի համալսարան
  • Պրն Մայքըլ Պոպելեան, Այցելու դասախօս, Գոլումպիա համալսարան եւ Պարուք գոլէճ
  • Փրոֆ. Ա. Տըրք Մոզըս, Միջազգային յարաբերութիւններու «Անն եւ Պեռնար Սփիցըր» ամպիոնի դասախօս, Նիւ Եորքի Սիթի գոլէճ
  • Փրոֆ. Հերվէ Ժորժըլէն, օգնական դասախօս, Աթէնքի Ազգային եւ Գափոտիսթրիական համալսարան
  • Պրն Գրիգոր Աֆթանտիլեան, աւագ դասախօս, Ամերիկեան համալսարան, Ուաշինկթըն
  • Փրոֆ. Ժիւլիէն Զարիֆեան, ԱՄՆ-ու պատմութեան դասախօս, Փուաթիէի համալսարան, Ֆրանսա
  • Փրոֆ. Ֆաթմա Միւկէ Կէօչէք, Ընկերաբանութեան դասախօս, Միշիկընի համալսարան
  • Փրոֆ. Տէյվիտ Կաունթ, Պատմութեան վաստակաշատ դասախօս, Սոտերթէօրնի համալսարան, Սթոքհոլմ, Շուէտ
  • Փրոֆ. Թեսա Հոֆման, նախապէս՝ Պերլինի Ազատ համալսարանէն, Արեւելեան Եւրոպայի ուսումնասիրութիւններու հիմնարկ
  • Դոկտ. Թալար Շահինեան, Հայագիտութեան մնայուն դասախօս, Գալիֆորնիոյ համալսարան, Ըրվայն
  • Փրոֆ. Սեմուէլ Թոթըն, Արքանսասի համալսարան, Ֆայէթվիլ