Պեռնի մէջ, պաշտօնական բացում՝ Հայաստանի դեսպանութեան
Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Մարտ 12-ին, Պեռնի մէջ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի Զուիցերիա կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս։
Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Զուիցերիոյ Արտաքին գործոց դաշնակցային բաժանմունքի ղեկավար Իկնացիօ Քասիս։ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը բարձրացուեցաւ դեսպանատան շէնքին առջեւ՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած Պեռնի պատմական կեդրոնին մէջ։
Հնչեցին երկու երկիրներու փառերգերը, որմէ ետք, ժապաւէնի հատման հանդիսաւոր արարողութեամբ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ դեսպանատան բացումը։
Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ հաղորդագրութեան համաձայն՝ նախարար Միրզոյեան եւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց դաշնակցային բաժանմունքի ղեկավար Քասիս հանդէս եկան ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքերով։
