Իսրայէլ կը յայտարարէ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Ալի Լարիճանիի եւ զօրավար Սուլէյմանիի սպանութիւնը

Լարիճանի

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիճանի

Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց Երեքշաբթի, Մարտ 17-ին, պաշտօնապէս յայտարարեց Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիճանիի եւ «Պասիճ» աշխարհազօրայիններու հրամանատար զօրավար Ղոլամրեզա Սուլէյմանիի սպանութիւնը։ Այս առանցքային ղեկավարներու սպանութիւնը իրագործուած է Երկուշաբթի գիշեր Թեհրանի մէջ իսրայէլեան բանակին կողմէ կատարուած թիրախային հարուածներու ընթացքին։

Նախարար Քացի համաձայն՝ Լարիճանին ու Իրանի ճնշիչ հիմնական մեքենան համարուող «Պասիճ»-ի ղեկավարը «դժոխքի խորքերուն մէջ միացած են» Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիին, որ սպանուած էր Փետրուար 28-ի իսրայէլա-ամերիկեան ռմբակոծումներուն։ Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարը ընդգծած է, որ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հրահանգով իսրայէլեան բանակը անողոքաբար պիտի շարունակէ հետապնդել իրանեան վարչակարգի ղեկավարները։ Իր կարգին, Իսրայէլի բանակի սպայակոյտի պետ Էյալ Զամիր հաստատած է, որ այս «կանխարգելիչ հարուածներ»-ը ուղղուած են Յեղափոխական պահակագունդին դէմ՝ արձանագրելով ռազմավարական նշանակալի արդիւնքներ, որոնք կրնան ազդել իսրայէլեան բանակի գործողութիւններու ելքին վրայ։

Իբրեւ հակադարձութիւն այս ծանր հարուածներուն՝ Իրան հրթիռակոծած է Իսրայէլը։ Երեքշաբթի առաւօտեան Երուսաղէմի մէջ պայթումներու ձայներ լսուած են, երբ իսրայէլեան բանակը յայտնաբերած է Իրանէն արձակուած հրթիռներու տարափ մը։ Անմիջապէս գործի դրուած են հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը՝ իրանեան հրթիռները որսալու համար, իսկ երկրի հիւսիսը եւ Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ հնչած են ազդանշանային շեփորները։