Ֆրանսայի քաղաքապետական ընտրութիւններ 

ELECTIONS, BUREAU DE VOTE, URNE

Առաջին շրջանի անակնկալներն ու Բ. շրջանի դաշինքները

Կիրակի, Մարտ 15-ին, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցան քաղաքապետական ընտրութիւններու առաջին փուլի քուէարկութիւնները: Ներքին գործոց նախարարութեան եւ արձանագրուած պաշտօնական տուեալներուն համաձայն՝ մասնակցութեան ցուցանիշը հասաւ 57,17 տոկոսի: Ընտրութիւններուն ընդհանուր պատկերը ցոյց կու տայ աջակողմեան անկախ թեկնածուներու ամրապնդումը եւ ծայրայեղ ձախակողմեաններու յառաջխաղացքը, մինչ նախագահական կեդրոնամէտ ուժերը նկատելի նահանջ կ՚արձանագրեն իրենց տեղական դիրքերուն մէջ:

Արդիւնքներու համապետական պատկերը 

Քուէատուփերու արդիւնքները կը վկայեն, որ «Զանազան աջակողմեանները» (Divers droite) առաջին դիրքը կը գրաւեն՝ ապահովելով ընդհանուր քուէներուն 25,46 տոկոսը: Անոնց անմիջապէս կը յաջորդեն «Զանազան ձախակողմեանները» (Divers gauche)՝ 15,41 տոկոսով, իսկ կեդրոնամէտ ու միացեալ ձախակողմեան ուժերը կը բաժնեկցին շուրջ 12-ական տոկոս: Ուշագրաւ է նաեւ «Ազգային համախմբում» (RN) ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութեան տեղական արմատաւորումը, որ կրցած է պահպանել իր նախկին ձեռքբերումները եւ առաջ անցնիլ կարգ մը նոր քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ «Անհնազանդ Ֆրանսա» (LFI) կուսակցութեան թափանցումը մեծ քաղաքներէն ներս՝ դառնալով վճռորոշ ուժ:

Մարտ 22-ին նախատեսուած Բ. շրջանին ընդառաջ, Ֆրանսայի մեծ քաղաքներուն մէջ դիւանագիտական ու քաղաքական եռուզեռ կը տիրէ՝ նոր դաշինքներ կազմելու եւ ցանկեր միաձուլելու համար:

Մայրաքաղաք Փարիզի մէջ, Ընկերվարական կուսակցութեան (PS) թեկնածու, պաշտօնաւարտ քաղաքապետարանի ականաւոր անդամներէն Էմանիւէլ Կրեկուար առաջատարն է 38 տոկոսով, գերազանցելով աջակողմեան Ռաշիտա Տաթին, որ ապահոված է 25,4 տոկոս: Կրեկուար կտրականապէս կը մերժէ որեւէ դաշինք կնքել LFI-ի թեկնածու Սոֆիա Շիքիրուի (շուրջ 12%) հետ: Միւս կողմէ, աջակողմեան Փիէր-Իվ Պուրնազէլ (11,3%) որոշած է միանալ Տաթիի ցանկին, սակայն յստակ պայմանով մը. վերջինս պէտք չէ համագործակցութեան դուռ բանայ ծայրայեղ աջակողմեան Սառա Քնաֆոյի (Reconquête, 10,4%) դիմաց: Այս իրավիճակը կը խոստանայ Բ. շրջանին՝ քառակողմ (quadrangulaire) սուր պայքար մը մայրաքաղաքին մէջ:

ԻՆչ կը վերաբերի Լիոնին, պայքարը չափազանց բուռն է: Պաշտօնաւարտ բնապահ քաղաքապետ Կրեկորի Տուսէ եւ աջակողմեաններու ու կեդրոնամէտներու կողմէ զօրակցութիւն վայելող Ժան-Միշէլ Օլաս հաւասար քուէներ ստացած են՝ երկուքն ալ ապահովելով գրեթէ 36,5 տոկոս: Այստեղ եւս Բ. շրջանի համար միւս փոքր ցանկերուն դիրքորոշումները վճռորոշ պիտի ըլլան:

Նախկին քաղաքապետ Ժորժ Քեփենէկեան, որ այս ընտրութիւններուն կը մասնակցէր իր «Lyon c’est maintenant» անկախ կեդրոնամէտ ցանկով, ստացած է քուէներուն 3,53 տոկոսը, որ կը համապատասխանէ ճիշդ 7 214 ձայնի։

Այս արդիւնքով ան գրաւած է վեցերորդ դիրքը՝ ետ մնալով գլխաւոր առաջատարներէն՝ գործող քաղաքապետ Կրեկորի Տուսէէն (37,36%) եւ Ժան-Միշէլ Օլասէն (36,78%), ինչպէս նաեւ Անայիս Պելուասա-Շերիֆիէն (LFI, 10,41%), Ալեքսանտր Տիւփալէէն (RN, 7,07%) եւ Նաթալի Փերէն-Ժիլպէռէն (3,64%)։

Քանի որ Քեփենէկեանի ստացած քուէները անհրաժեշտ 10 տոկոսի շեմէն վար մնացին, ան իրաւունք չունի ինքնուրոյն մասնակցելու ընտրութիւններու երկրորդ փուլին։

Մարսիլիոյ պարագային, ձախակողմեան պաշտօնաւարտ քաղաքապետ Պընուա Փայան նոյնպէս փակած է իր դռները LFI-ի թեկնածու Սեպասթիէն Տըլոկիւի դիմաց, հակառակ անոր, որ վերջինս ապահոված է 12,3 տոկոս: Ճիշդ նոյն համեմատութեամբ (12,3%) քուէ ապահոված է նաեւ աջակողմեաններու եւ կեդրոնամէտներու թեկնածու Մարթին Վասալ՝ խոստանալով բաւական բարդ եւ անկանխատեսելի երկրորդ շրջան մը:

Թուլուզի մէջ, ի տարբերութիւն Փարիզի ու Մարսիլիոյ, ընկերվարականներն ու «Անհնազանդ Ֆրանսա»-ն յաջողած են միացեալ ճակատ մը կազմել (fusion technique)՝ պաշտօնավարող աջակողմեան քաղաքապետ Ժան-Լիւք Մուտենքը պարտութեան մատնելու նպատակով: Իսկ Սթրազպուրկի մէջ լուրջ անակնկալ արձանագրուած է, ուր քաղաքականութիւն վերադարձած նախկին քաղաքապետ, ընկերվարական Քաթրին Թրոթման առաջին դիրքը գրաւած է մօտ 26 տոկոսով, մինչ պաշտօնավարող բնապահ (Les Verts) քաղաքապետ Ժանն Բարսեղեան նահանջած է երրորդ դիրք՝ ապահովելով շուրջ 19,7 տոկոս:

Այս արդիւնքները ցոյց կու տան ֆրանսական տեղական քաղաքական դաշտի խոր վերադասաւորում մը: Նկատելի է յատկապէս դասական ձախ (PS) եւ արմատական ձախ (LFI) հոսանքներու միջեւ ստեղծուած տագնապը, որ մեծ քաղաքներու մէջ լուրջ արգելք կը հանդիսանայ միասնական ճակատներու կազմաւորման: Միեւնոյն ժամանակ, եռանկիւն եւ քառանկիւն ճակատումներու առատութիւնը Բ. շրջանը կը դարձնէ ծայր աստիճան մրցակցային՝ լայնօրէն բաց պահելով քաղաքական անակնկալ շրջադարձերու դուռը։