Թուրքիոյ մէջ դատական գործ յարուցուած է քիւրտ բեմադիրի մը դէմ՝ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած Աւրորա Մարտիկանեանի մասին ժապաւէնը ցուցադրելուն համար

Քիւրտ բեմադիր

Քիւրտ բեմադիր Ռոժհիլաթ Աքսոյ

Թուրքիոյ մէջ քրէական գործ յարուցուած է քիւրտ բեմադիր Ռոժհիլաթ Աքսոյի դէմ, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած Արշալոյս (Աւրորա) Մարտիկանեանի պատմութիւնը ներկայացնող «Աւրորայի արեւածագը» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը կազմակերպելուն համար։ Իշխանութիւնները քիւրտ արուեստագիտուհին կը մեղադրեն թուրք ազգը վիրաւորելու յանցանքով. մեղադրանք մը, որ հիմնուած է Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի վիճայարոյց 301-րդ յօդուածին վրայ։

Դատական գործը յարուցուած է Թուրքիոյ հարաւ-արեւելեան Տիարպեքիր քաղաքի շրջանային դատախազութեան կողմէ։ Ըստ թրքական «Մամուլի եւ իրաւունքի ուսումնասիրութեան ընկերակցութեան» հաղորդած տեղեկութիւններուն՝ դատախազութիւնը կը պնդէ, թէ ցուցադրութիւնը խախտած է «թուրք ազգը եւ Թուրքիոյ պետական հաստատութիւնները հրապարակայնօրէն վիրաւորելը» արգիլող օրէնքը։

Հետաքննութեան պատճառ դարձած այս ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած էր 2024 Դեկտեմբերին։ Այդ ժամանակ Աքսոյ կը վարէր Մերձաւոր Արեւելքի շարժանկարի ակադեմիաներու ընկերակցութեան փոխնախագահի պաշտօնը, եւ ցուցադրութիւնը կազմակերպուած էր իր պաշտօնավարման շրջանին իրականացուած մշակութային ձեռնարկներու ծիրէն ներս։

Դատախազներուն կողմէ պատրաստուած մեղադրական գիրին մէջ իշխանութիւնները կը պնդեն, թէ ժապաւէնը «1915-ի դէպքերը» կը ներկայացնէ վիճայարոյց կերպով, զանոնք որակելով իբրեւ արդարացուած պայքար, ինչ որ, ըստ դատախազութեան, վիրաւորական է թրքական օրէնքին համաձայն։ Դատական գործի մէկ այլ «հիմնաւորում»-ը կը վերաբերի տարածաշրջանի հայերուն պատմական փորձառութեան պատկերումին. դատախազները մատնանշած են այն տեսարաններն ու պատումները, որոնք կը նկարագրեն հայերու անուան եւ կրօնքի բռնի փոփոխութիւնը, ինչպէս նաեւ այն անմարդկային վերաբերումը, որուն անոնք ենթարկուած են ժապաւէնին մէջ ընդգրկուած ժամանակաշրջանին։

Դատախազութիւնը առարկած է նաեւ այն տեսարաններուն դէմ, ուր թուրք բանակի զինուորները մանուկներ կը խլեն հայ կիներէն։ Իշխանութիւնները այս տեսարանները որակած են կեղծ եւ զանոնք օգտագործած են քիւրտ բեմադիրին դէմ մեղադրանքներ առաջադրելու իրենց փաստարկներուն մէջ։

Աքսոյ կտրականապէս հերքած է մեղադրանքները՝ յայտարարելով, որ ցուցադրութեան կազմակերպումը խօսքի եւ գեղարուեստական արտայայտման ազատութեամբ պաշտպանուած արարք մըն է։ Ըստ անոր՝ ժապաւէնի հանրային ցուցադրութիւնը իրականացուած է մշակութային եւ ակադեմական քննարկումներու օրինական ծիրէն ներս։ Դատական գործընթացը կը շարունակուի, իսկ յաջորդ նիստը նախատեսուած է Ապրիլ 6-ին, Տիարպեքիրի մէջ։

Քիւրտ արուեստագիտուհիին դէմ յարուցուած դատական գործը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է, քանի որ ան կը վերաբերի զգայուն պատմական հարցեր շօշափող ժապաւէնի մը ցուցադրութեան։ Ամբաստանագրին մէջ յիշատակուած 301-րդ յօդուածը նախապէս եւս կիրարկուած է գրողներու, լրագրողներու եւ գիտնականներու դէմ, որոնց աշխատանքները անդրադարձած են Թուրքիոյ մէջ պատմական բանավէճերու։ Ապրիլին կայանալիք դատական յառաջիկայ նիստը վճռորոշ պիտի ըլլայ գործին ճակատագրին առումով եւ պիտի պարզէ, թէ արդեօք բեմադիրին դէմ յարուցուած մեղադրանքները ընթացք պիտի ստանա՞ն թրքական դատական համակարգին մէջ։