«Օսքար»-ի մրցանակաբաշխութիւն – Արտադրող Սեւ Օհանեանի «Սինըրզ» ժապաւէնը նուաճած է չորս պատմական արձանիկ

Սեւ Օհանեան

Ամերիկահայ արտադրող Սեւ Օհանեանի (Զինզի եւ Ռայըն Քուկլըրներու կողքին) համաարտադրած «Սինըրզ» (Sinners-Մեղաւորներ) իրադարձային ժապաւէնը անջնջելի հետք ձգած է Կիրակի, Մարտ 15-ին կայացած «Օսքար»-ի 98-րդ մրցանակաբաշխութեան ընթացքին։ Ըլլալով առաջադրուած՝ տասնվեց անուանակարգերու մէջ,– բացարձակ մրցանիշ մըն է, որ կը գերազանցէ «Թիթանիք»-ի եւ «Լա Լա Լենտ»-ի պատմական ցուցանիշերը,– այս համարձակ շարժանկարը արժանացած է չորս գլխաւոր արձանիկներու՝ հաստատուելով իբրեւ տարուան անշրջանցելի ստեղծագործութիւններէն մէկը։

Այս նուաճումը կը պսակէ բացառիկ տաղանդներու աշխատանքը՝ թէ՛ տեսախցիկի առջեւ եւ թէ ետին։ Մայքըլ Պի. Ճորտըն արժանացած է «Լաւագոյն դերասան»-ի «Օսքար»-ին՝ Մուր երկուորեակներու դերերուն մէջ իր ցուցաբերած ապշեցուցիչ կրկնակի կատարումին համար։ Իր կարգին, բեմադիր Ռայըն Քուկլըր պարգեւատրուած է «Լաւագոյն բնագիր բեմագրութիւն» (scénario original) մրցանակով. բեմի վրայ իր շնորհակալական խօսքին մէջ ան առիթը օգտագործած է հրապարակայնօրէն դրուատելու իր կինը՝ Զինզին եւ Սեւ Օհանեանը, զանոնք որակելով «աշխարհի լաւագոյն արտադրողները»։

Երեկոյթը յատկանշուած է նաեւ շարժանկարի ճարտարարուեստին համար պատմական շրջադարձով մը. Օթըմ Տիւրալտ Արքափօ (Autumn Durald Arkapaw) դարձած է առաջին կինը, որ կ՚արժանանայ «Լաւագոյն նկարահանում» (meilleure photographie) մրցանակին՝ այս ժապաւէնին մէջ իր տարած աշխատանքին շնորհիւ։ Վերջապէս, երգահան Լիւտվիկ Կորանսըն ամբողջացուցած է այս փայլուն յաղթանակներու շարքը՝ շահելով «Լաւագոյն բնագիր երաժշտութիւն» մրցանակը։

Այս չորս յաղթանակներէն անդին, «Օսքար»-ի այս տարուան մրցանակաբաշխութիւնը խորհրդանշական յատուկ իմաստ ունէր Սեւ Օհանեանի համար։ 1987-ին Գերմանիա ծնած, սակայն հազիւ չորս ամսուան մանուկ հասակին ընտանեօք Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Օհանեանը՝ Ռայըն Քուկլըրի երկարամեայ ստեղծագործական գործընկերը, իր անունը քանդակեց Ակադեմիայի տարեգրութիւններուն մէջ՝ դառնալով ամերիկահայ առաջին ներգաղթեալը, որ առաջադրուեցաւ «Լաւագոյն ժապաւէն» գերագոյն անուանակարգին մէջ։ Սա բացառիկ յաջողութիւն մըն է, որ կ՚ընդգծէ այս տաղանդաւոր արտադրողին սրընթաց վերելքը դէպի Հոլիվուտի գագաթը։