Ժաննա Անդրէասեան. «Էդիտա Գզոյեանի վերահաստատման հարց օրակարգի վրայ չկայ»
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան
«Անհիմն են Արցախի առնչուող հետազօտութիւններու բաժինը փակելու մասին շրջող լուրերը»
ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին յայտնած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի պաշտօնանկ եղած տնօրէն Էդիտա Գզոյեանը իր պաշտօնին վերականգնելու հարց խնդրոյ առարկայ չէ։ Նախարարը նշած է, որ Գզոյեանը բարձր կը գնահատէ իբրեւ գիտնական, եւ ան կրնայ անարգել շարունակել իր գիտական աշխատանքը թանգարանէն ներս, սակայն կառավարման ոլորտը կ՚ենթադրէ յստակ պատասխանատւութիւններ, ուր արձանագրուած են լուծում պահանջող հարցեր։
Յիշեցնենք, որ Գզոյեանի պաշտօնանկութեան բուն պատճառը յայտնի դարձած էր աւելի ուշ, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաստատած էր, որ որոշումը կայացուած է իր անմիջական հրահանգով: Պատճառը այն է, որ Փետրուարի սկիզբը, ԱՄՆ-ու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենսի՝ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր կատարած այցելութեան ընթացքին, տնօրէնը անոր նուիրած էր Արցախեան հակամարտութեան մասին գիրք մը։ Նախարար Անդրէասեան կտրականապէս հերքած է այն լուրերը, թէ իբր աշխատակիցներուն նախապէս ըսուած է, թէ պաշտօնանկութիւնը կապուած է յուշահամալիրի շինարարական աշխատանքներուն հետ։
Նախարարը նաեւ տեղեկացուցած է, որ հանդիպում ունեցած է թանգարանի աշխատակազմին հետ եւ փարատած է անոնց մտահոգութիւնները՝ յորդորելով վերադառնալ բնականոն աշխատանքի: Ան միաժամանակ հերքած է Արցախի առնչուող հետազօտութիւններու բաժինը փակելու մասին շրջող լուրերը։ Նշենք, որ այս պաշտօնանկութեան դէմ ընդվզելով՝ թանգարանի ամբողջ անձնակազմը՝ 74 հոգի, ինչպէս նաեւ խումբ մը ցեղասպանագէտներ, բաց նամակով դիմած էին վարչապետին՝ պահանջելով վերանայիլ տրուած որոշումը։
