Ընտրութիւններուն ընդառաջ՝ Հայաստան ունի՞ բաւարար միջոցներ դիմադրելու համար խառնաձեւ սպառնալիքներուն
Յունիս 7-ին կայանալիք Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախաշեմին, ՄըքՔէյն հիմնարկը (McCain Institute) հրապարակած է գնահատական մը, որ պատրաստուած է Փետրուար 23-26 Հայաստան այցելած առաքելութեան ուսումնասիրութիւններուն հիման վրայ: Այս առաքելութիւնը գանձատրուած է «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» հայկական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ:
Առաքելութեան կազմին մէջ եղած են ընտրութիւններու, Հարաւային Կովկասի, արտաքին վնասակար ազդեցութեանց եւ ժողովրդավարութեան մասնագէտներ: Անոնց նպատակն էր քննել ընտրական միջավայրը եւ մատնանշել այն վտանգները, որոնք կրնան հարուածել յառաջիկայ ընտրութիւններուն արդար բնոյթը, եւ այդ բոլոր տեղեկութիւնները հասանելի դարձնել Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւն մշակողներուն ու հանրութեան:
Զեկոյցին գլխաւոր եզրակացութիւններէն մէկն այն է, որ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին ընտրութիւններուն ընդառաջ քաղաքական կարեւոր դերակատար մըն է: Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ Եկեղեցին, որ իր պատմական ու մշակութային հանգամանքներուն բերումով կը վայելէ հայ ժողովուրդին լայն աջակցութիւնը, կը գլխաւորէ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, որ աշխուժ քարոզչութիւն կը վարէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ:
Միւս կարեւոր եզրայանգումը այն է, որ Հայաստանի պետական մարմինները չունին բաւարար պաշարներ, նախընտրական շրջանին արդիւնաւէտ կերպով դիմադրել կարենալու համար Ռուսաստանի կողմէ իրականացուող խառնաձեւ սպառնալիքներուն եւ քաղաքական դերակատարներու կաշառակերութեան:
Հիմնարկի գործադիր տնօրէն, դոկտ. Էվելին Ֆարքասը նշած է. “2023-ին Ազերպայճանի կողմէ Արցախի բռնագրաւումէն եւ 2025-ին ԱՄՆ-ու միջնորդութեամբ հաստատուած խաղաղութեան համաձայնագրէն ետք, հայերը այս ընտրութիւնը կը դիտեն իբրեւ խաղաղութեան ու կայունութեան կարեւոր քայլ”: Ան զգուշացուցած է, որ Ռուսաստանի մղած խառնաձեւ պատերազմը կրնայ լուրջ սպառնալիք ըլլալ Հայաստանի ազատ ու արդար ընտրութիւններուն համար՝ կեղծ կամ մոլորեցնող պատմութիւններ տարածելու միջոցով ընտրողներու վարքագիծը ձեւաւորելու առումով:
Յանձնարարականներ ու խորհուրդներ
Զեկոյցը կ՚ընդգրկէ նաեւ յստակ խորհուրդներ Հայաստանի, ԱՄՆ-ու եւ Եւրոպական Միութեան կառավարութիւններուն համար.
- Հայաստանի կառավարութեան կ’առաջարկուի ստեղծել ընտրութիւններու միջգերատեսչական յանձնաժողով՝ տեղեկատւութեան փոխանակումը դիւրացնելու եւ սպառնալիքներուն արագ ու համակարգուած արձագանգելու համար:
- ԱՄՆ—ուն կը թելադրուի վերականգնել անկախ լրասփիւռներու եւ տեղական քաղաքացիական հասարակութեան խումբերու գանձատրումը: Մասնաւորապէս կը շեշտուի «Ամերիկայի Ձայն»-ի (Voice of America) եւ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի (Radio Free Europe/Radio Liberty) ծրագրերու վերաշխուժացումը:
- ԱՄՆ-ու եւ Եւրոպայի կառավարութիւններուն կոչ կը յղուի սահմանելու անհատական եւ նիւթական պատիժներ Հայաստանի մէջ գործող «ծանօթ ռուսամէտ գործիչներու» նկատմամբ, որոնք ձեռնամուխ եղած են ապօրինի գանձատրման կամ խափանարար գործողութեանց:
