ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ – ԱՄՆ-ու մէջ Թրամփի որոշումներուն դէմ ձայները կը բազմանան
Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային կեդրոնի տնօրէնը հրաժարած է իր պաշտօնէն
Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմը կը շարունակուի իր ամբողջ թափով. կողմերը անընդմէջ զիրար կը հարուածեն անխնայ, մինչ առկա՛յ է նաեւ հակամարտութեան աշխարհագրականօրէն ընդարձակման մշտական վտանգ, ինչպէս որ Սաուտական Արաբիան Մարտ 19-ին յայտարարեց, թէ ինքն իրեն կը վերապահէ պատերազմին մէջ ներգրաւուելու եւ Իրանը հարուածելու իրաւունք։ Այս բոլոր զարգացումներուն լոյսին տակ յստակ կը դառնայ մէկ բան, թէ Իսրայէլ եւ անոր դրդումով այս ամբողջովին անտեղի պատերազմին (ի դէպ, կա՞ն արդարացուած, կամ անխուսափելի պատերազմներ. սա առանձին վիճարկումի նիւթ է արդէն) ձեռնամուխ Թրամփ սխալած են իրենց հաշիւներուն մէջ ու հակառակ իր ղեկավարութեան մասամբ «գլխատման»՝ Իրան յայտնուած է շատ-շատ աւելի ամուր «ատամներ»-ու տէր, քան ինչ որ կ՚ենթադրէին նախայարձակները։ Ամէն օր քիչ մը աւելի անորոշութեան մէջ խրող ու վճռական քայլերով դէպի անել յառաջացող այս հակամարտութեան պայմաններուն մէջ, Թրամփի արկածախնդրական այս որոշումին դէմ բարձրացող ձայներն ալ օր ըստ օրէ կը բազմանան, ներառեալ ու յա՛տկապէս՝ ԱՄՆ-ու մէջ։
Ասոր վերջին ապացոյցը երկրին ամէնէն բարձրաստիճան ղեկավարութենէն՝ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային կեդրոնի տնօրէն Ճոզըֆ Քենթի Մարտ 19-ին ներկայացուցած հրաժարականն է։ Կարելի է ողջամտութեան կատարեալ դաս մը եւ հրէական լոպիին դէմ իր բովանդակած արտայայտութիւններով՝ եզակի, բացառիկ համարել նախագահ Թրամփին ուղղուած անոր նամակը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ (ի դէպ, հոն արտայայտուած՝ կեանքերու խնայելու մասին մտահոգութիւնները բացառաբար կը վերաբերին ամերիկացիներու, սակայն ցնորամտութիւն պիտի ըլլար աւելին ակնկալել ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեայէ մը).
«Յարգելի նախագահ Թրամփ,
Երկար մտածելէ ետք, որոշեցի հրաժարիլ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային կեդրոնի տնօրէնի պաշտօնէս, այսօրուընէ իսկ։ Խիղճս չի ներեր աջակցիլ Իրանի մէջ ընթացող պատերազմին։ Իրանը մեր ազգին համար որեւէ անմիջական սպառնալիք չէր ներկայացներ, եւ յստակ է, որ մենք այս պատերազմը սկսանք Իսրայէլի եւ անոր հզօր ամերիկեան լոպիին ճնշումին տակ։
Ես կը զօրակցիմ այն արժէքներուն եւ արտաքին քաղաքականութեան, որոնք դուք պաշտպանեցիք 2016-ի, 2020-ի եւ 2024-ի ձեր նախընտրական արշաւներուն ընթացքին, եւ զորս գործադրեցիք ձեր առաջին նստաշրջանին։ Մինչեւ 2025 Յունիս, դուք կը հասկնայիք, որ Միջին Արեւելքի պատերազմները ծուղակ մըն էին, որոնք Ամերիկան զրկեցին մեր հայրենասէրներու թանկագին կեանքերէն եւ սպառեցին մեր երկրի հարստութիւնն ու բարգաւաճումը։ Ձեր առաջին վարչակազմի օրերուն, դուք որեւէ արդի նախագահէ աւելի լաւ հասկցաք, թէ ինչպէս կարելի է վճռականօրէն կիրարկել ռազմական ուժը՝ առանց մեզ ներքաշելու անվերջանալի պատերազմներու մէջ։ Դուք սա ապացուցեցիք՝ սպանելով Քասեմ Սոլէյմանին եւ պարտութեան մատնելով Իսլամական Պետութիւնը (ISIS)։
Այս վարչակազմի սկզբնական շրջանին, իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ ամերիկեան լրասփիւռներու ազդեցիկ անդամներ ծաւալեցին ապատեղեկատւութեան արշաւ մը, որ ամբողջովին խարխլեց ձեր «Նա՛խ՝ Ամերիկան» (America First) ծրագիրը եւ պատերազմամէտ տրամադրութիւններ սերմանեց՝ մեզ Իրանի դէմ պատերազմի մղելու համար։ Քարոզչական այս հարթակը օգտագործուեցաւ ձեզ խաբելու եւ հաւատացնելու, թէ Իրան անմիջական սպառնալիք կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներուն, եւ թէ հիմա՛ հարուածելու պարագային՝ արագ յաղթանակի հասնելու յստակ ուղի մը կայ։ Սա սուտ էր եւ ճիշդ այն նոյն մարտավարութիւնն է, զոր իսրայէլացիները օգտագործեցին մեզ ներքաշելու Իրաքի աղէտալի պատերազմին մէջ, որ մեր ազգին արժեց մեր լաւագոյն այրերուն եւ կիներուն հազարաւոր կեանքերը։ Մենք իրաւունք չունինք այս սխալը կրկնելու։
Որպէս հին մարտիկ, որ 11 անգամ մարտական առաքելութիւններու ղրկուած է, եւ որպէս պատերազմի այրի ամուսին (Gold Star), որ կորսնցուցած է իր սիրելի կինը՝ Շէնընը, Իսրայէլի կողմէ հրահրուած պատերազմի մը մէջ (անոր զինուորական կինը 2019-ին Սուրիոյ Մենպիճի շրջանին մէջ զոհ գացած է Իսլամական Պետութեան մէկ յարձակումին — «ՆՅ»), խիղճս չի ներեր հաւանութիւն տալ, որ յաջորդ սերունդը մարտադաշտ նետուի ու զոհաբերուի այնպիսի պատերազմի մը մէջ, որ ոչ մէկ օգուտ կը բերէ ամերիկացի ժողովուրդին եւ չ՚արդարացներ ամերիկեան կեանքերու կորուստը։
Կ’աղօթեմ, որ անդրադառնաք, թէ ի՛նչ կ՚ընենք մենք Իրանի մէջ, եւ որո՛ւ համար կ՚ընենք այդ։ Համարձակ քայլեր առնելու ժամանակը հիմա է։ Դուք կրնաք փոխել ընթացքը եւ նոր ուղի մը ճշդել մեր ազգին համար, կամ ալ կրնաք թոյլ տալ, որ մենք աւելի սահինք դէպի անկում եւ քաոս։ Խաղաքարտերը ձեր ձեռքն են։
Ինծի համար պատիւ էր ծառայել ձեր վարչակազմին մէջ եւ ծառայել մեր մեծ ազգին։
Ճոզըֆ ՔԵՆԹ
Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ազգային կեդրոնի տնօրէն»
