Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը քննադատէ Հայաստանի վարչապետին ելոյթը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա անդրադարձած է վարչապետ Փաշինեանի՝ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթին՝ քննադատելով անոր շարք մը յայտարարութիւնները եւ ծաղրելով որոշ ձեւակերպումներ։
Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, Զախարովա տարակուսանք յայտնած է Փաշինեանի՝ «երրորդ երկիրներու» մասին ակնարկներուն եւ հոգեւորականութեան շարքերէն ներս Պետական անվտանգութեան կոմիտէի (ՊԱԿ-KGB) նախկին աշխատակիցներու յիշատակման կապակցութեամբ։ Ան հեգնանքով հարց տուած է, թէ ո՞ր երրորդ երկրին կամ ո՞ր աշխատակիցներուն կ’ակնարկէ վարչապետը, նոյնիսկ հարցնելով, թէ արդեօք խօսքը պարոն Ալիեւի՞ն կը վերաբերի։
Զախարովա նշած է, թէ ըստ երեւոյթին խօսքը այն հոգեւորականներուն մասին է, որոնք չեն ենթարկուիր վարչապետին կամ կը փորձեն «զինք զգաստութեան հրաւիրել», ինչ որ Փաշինեան կը ներկայացնէ իբրեւ Հայաստանի անկախութեան զոհաբերում՝ ի շահ երրորդ երկիրներու։
Այս ծիրէն ներս, Մարիա Զախարովա անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի զարգացման եւրոպական ուղղութեան վերաբերեալ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն։ Ան յիշեցուցած է Մարտ 11-ին Սթրազպուրկի մէջ վարչապետին այն խօսքը, թէ երկիրը ամէն պարագայի պիտի շահի, նոյնիսկ եթէ չանդամակցի Եւրոպական Միութեան (ԵՄ)։ “Ըստ իս՝ «ԵՄ ընդունուիլն ալ, չընդունուիլն ալ յաղթանակ է» յայտարարող մէկը այն մարդոցմէ է, որոնք սովորաբար միայն իրենք իրենց դէմ ճատրակ խաղալով կը յաղթեն”,– ըսած է Մոսկուայի պաշտօնական ներկայացուցիչը։
Զախարովա մատնանշած է ԵՄ-ի տնտեսական դժուարութիւնները, ներառեալ՝ արդիւնաբերական արտադրութեան անկումը, պետական պարտքի աճը, գաղթականներու ճգնաժամը եւ ուժանիւթի բարձր գիները։ Ան տարօրինակ համարած է Երեւանի ձգտումը՝ որդեգրելու եւրոպական չափանիշեր, որոնց մշակման Հայաստանը չի մասնակցիր։ Ի հակադրութիւն ատոր, ան շեշտած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) եւ ԱՊՀ-ի շրջանակէն ներս Հայաստանը լիարժէք մասնակից է որոշումներու կայացման գործընթացին։
Ըստ Ռուսաստանի ներկայացուցչին, Հայաստանի տնտեսութիւնը, որ անցեալ տարի արձանագրած է 7–7.2% աճ, մեծապէս կապուած է ԵԱՏՄ-ի հետ ունեցած առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն հետ։ Մոսկուայի համոզումով, եւրոպական եւ եւրասիական համարկման ծրագրերուն միաժամանակ մասնակցիլը անկարելի է։
“Սա որեւէ քաղաքական գնահատականի հետ կապ չունի. Այդ մէկը Հայաստանի ինքնիշխան որոշման հարցն է։ Սա պարզապէս փաստի արձանագրում է։ Կը յուսամ, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը պիտի շարունակէ յարգել իր յանձնառութիւնները ԵԱՏՄ-ի շրջանակէն ներս կամ յստակօրէն պիտի յայտնէ իր դիրքորոշումը”,– եզրափակած է Զախարովա։
