Ազերպայճան յամրօրէն կը ներքաշուի պատերազմին մէջ

Կասպից

Արդեօք Իսրայէլ դարձեալ Ազերպայճանի՞ մէջ գտնուող ռազմակայան մը օգտագործած է հարուածելու համար Իրանը

Մարտ 19-ին Իսրայէլի օդուժը հրապարակեց տեսանիւթեր, որոնք ցոյց կու տան Կասպից ծովուն մէջ իրանեան նաւերու եւ կառոյցի մը դէմ կատարուած յարձակումներ։

Սա վերստին օրակարգի վրայ կը բերէ այն զօրաւոր կասկածը, թէ այս թռիչքները կը կատարուին Ազերպայճանէն։ Իսրայէլացի լրագրող Արիէլ Օսերան հաստատած է, որ հարուածները հասցուած են կործանիչ օդանաւերով եւ ոչ թէ անօդաչու սարքերով։

2024-ին Իրան արդէն կը կասկածէր, թէ Ազերպայճան կ՚աջակցի Իսրայէլին։ Ապա, 2025-ի 12-օրեայ պատերազմին՝ Թեհրան ապացոյցներ հաւաքեց ու այդ մասին Ազերպայճանին յայտնեց իր դժգոհութիւնն ու անհանգստութիւնը։

Ներկայի պատերազմին, կացութիւնը դարձեալ լարուեցաւ, երբ Ազերպայճան զօրքեր կուտակեց սահմանին վրայ։ Քանի մը օր ետք, սակայն, լարումը մեղմացաւ եւ Ազերպայճան որոշ քանակութեամբ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկեց Իրան։

Բայց եւ այնպէս, հրապարակայնացուած այս վերջին յարձակումը Ազերպայճանը կը դնէ անել կացութեան մէջ՝ առանց արդարացման կամ բացատրութեան կարելիութեան։ Իսրայէլեան օդանաւերը չունին Կասպից ծով հասնելու բաւարար հեռահարութիւն, բացի այն պարագայէն եթէ անոնք թռիչք առնեն Ազերպայճանէն, ուր ըստ շրջող տեղեկութիւններու, անոնք գաղտնի ռազմակայան մը կը շահագործեն. փաստ մը, որ արդէն իսկ հաղորդուած էր իսրայէլեան մամուլին կողմէ։

Աւելցնենք, որ Պաքուն ալ, իր կարգին, անդուլ կերպով կը շարունակէ արծարծել Նախիջեւանի օդակայանին վրայ՝ անօդաչուներով գործուած յարձակման դէպքը, որու պատասխանատւութիւնը վերագրած էր Իրանին։ Մարտ 19-ին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Պայրամով կրկին յայտարարած է, թէ կը յուսայ, որ Իրան պիտի կատարէ այդ յարձակումներուն հետաքննութիւնը եւ տայ գոհացուցիչ բացատրութիւններ ու բաւարար երաշխիքներ։

Յամենայն դէպս, այնպէս կը թուի, թէ երկու երկիրներուն միջեւ լարումի կրկին սաստկացման բոլոր նախադրեալները գոյացած են։