Արտաքին սպառնալիքի՞ ներքոյ քաղաքական միջամտութիւն
Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի (ՀՑԹՀ) տնօրէնուհի՝ Էդիտա Գզոյեանի թելադրուած կամ պարտադրուած հրաժարականը վարչապետ Փաշինեանի կողմէ, պատճառ դարձաւ արդար դատապարտումներու։ Այս հարցը բացայայտօրէն երեւան հանեց գիտնականի անկախութիւնը հաստատելու, ինչպէս նաեւ՝ քաղաքական միջամտութեան օրինական սահմանները ճշդելու անհրաժեշտութիւնը։
Գզոյեանի հրաժարականին յաջորդեցին ՀՑԹԻ-ի հոգա-բարձու մարմինի հրաժարականները։ Հիմնարկի 74 աշխատակիցները բողոքի նամակ ուղղեցին վարչապետին Գզոյեանի հրաժարականին դէմ։ Միջազգային ակադեմական շրջանակներէն՝ ԱՄՆ-էն եւ Եւրոպայէն 25 համալսարականներ դատապարտեցին հրաժարականը՝ պահանջելով անոր պաշտօնին վերականգնումը եւ յայտարարեցին, թէ դոկտոր Գզոյանի հարկադիր հեռանալը ամբողջ աշխարհի ակադեմիկոսներուն ու պատմաբաններուն մռայլ պատգամ մը կ՚ուղղէ, գիտնականներու աշխատանքը կը խաթարէ։
Սկզբնական շրջանին տարածուեցան լուրեր, թէ նախարարութիւնը Ծիծեռնակաբերդի բարենորոգման աշխատանքներուն բաւարարաչափ լաւ չէ հսկած, սակայն այս մեղադրանքը մէկդի դրուեցաւ վարչապետին անթաքոյց յայտարարութեամբ, թէ ի՛ր հրամանով կատարուած է եղելութիւնը։
Դէպքը ունի զուտ քաղաքական բովանդակութիւն, բայց միաժամանակ երբ նկատի կ՚ունենաք, որ Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի տնօրէնը կը նշանակուի անկախ հոգաբարձուներու խորհուրդին կողմէ եւ ոչ թէ անմիջականօրէն վարչապետին կամ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան, այնուհետեւ հարց կը ծագի թէ ինչո՞ւ ՀՑԹՀ-ի տնօրէնուհին ենթարկուած է վարչապետին հրահանգին։ Եւ ինչո՞ւ հոգաբարձու անդամները ընդունած են այդ հրաժարականը։
ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին յայտնած է թէ «բարձր կը գնահատէ Գզոյեանի գիտական աշխատանքը, որ ան կրնայ անարգել շարունակել թանգարանէն ներս, սակայն կառավարման ոլորտը կ՚ենթադրէ յստակ պատասխանատւութիւններ, ուր արձանագրուած են լուծում պահանջող հարցեր»։
Հասկնալու համար, թէ որքանո՞վ տարածաշրջանի քաղաքական լարուած վիճակը կրնար ազդեցութիւն գործել Հայաստանի վարչապետին որոշումին վրայ, զինք մղելու որ ՀՑԹՀ-ի տնօրէնուհիին հրաժարականը պահանջէ, կարելի է վերյիշել ԱՄՆ-ու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենսի՝ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր կատարած այցելութեան յիշատակումի պարագան եւ անոր X-ի հաշիւէն այցելութեան լուրը ջնջելու քայլը, ինչ որ ենթադրել կու տայ թէ նոյնքան ազդեցիկ պահանջ դրուած է Հայաստանի կառավարութեան վրայ։
Տակաւին, Տիկին Գզոյեան չէ մեկնաբանած իր հրաժարականը։ Յստակ չէ, թէ ի՞նչ է տնօրէնուհիին արարողակարգային պատասխանատւութեան շրջագիծը նման պարագաներու, երբ օտար բարձրաստիճան դիւանագէտի մը Ցեղասպանութեան համալիր այցելութեան ժամանակ ան կը փոխարինէ կառավարութեան մէկ անդամը։
Ժ.Չ. ■
