Թրամփ վախկոտ կ՚անուանէ ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցները

Թրամփ 2

ԱՄՆ-ու նախագահ Տանըլտ Թրամփ խստօրէն քննադատած եւ վախկոտ անուանած է ՕԹԱՆ-ի դաշնակիցները՝ զանոնք մեղադրելով Իրանի դէմ ամերիկա-իսրայէլեան պատերազմին բաւարար աջակցութիւն չցուցաբերելով։

«Առանց ԱՄՆ-ու՝ ՕԹԱՆ-ը թղթէ վագր է։ Վախկոտնե՛ր։ Մենք սա պիտի չմոռնանք»,– գրած է ան ընկերային ցանցերու վրայ։

Շարք մը եւրոպական դաշնակիցներ, ի շարս որոնց Ֆրանսան, մերժած են ուղղակի ռազմական գործողութիւններուն մէջ ներքաշուիլ՝ նախապատւութիւնը տալով դիւանագիտական լուծումներուն կամ միայն սահմանափակ աջակցութեան։

Այս պարունակին մէջ, նախագահ Թրամփի հակազդեցութիւնը առնուազն տարօրինակ կը թուի, նկատի ունենալով, որ ան այս պատերազմին նախաձեռնեց գրեթէ ինքնագլուխ,– եթէ բացառենք Իսրայէլը, որու դերը կը շարունակէ մնալ մշուշոտ այս պատերազմի դրդումին մէջ, թերեւս ալ՝ պարտադրութեան,– առանց հաշուի առնելու իր դաշնակիցներուն կարծիքը, մինչդեռ այժմ կ՚ամբաստանէ զանոնք՝ զօրակցութիւն չցուցաբերելու մեղադրանքով։