Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը՝ «Սորպոն Նուվէլ»-ի մէջ կայացած դասախօսութեան առանցքին
Հայաստան՝ գտնուելով աշխարհաքաղաքական խոր վերադասաւորումներու ենթարկուող տարածաշրջանի մը սրտին մէջ, կը ջանայ վերասահմանել իր դիւանագիտութեան ուղեգիծերը եւ լսելի դարձնել իր ձայնը միջազգային բեմահարթակին վրայ։ Ճիշդ այս գլխաւոր մարտահրաւէրները վերլուծելու նպատակով է, որ Փարիզի «Սորպոն Նուվէլ» համալսարանը Երեքշաբթի, Մարտ 17-ին հիւրընկալեց Հայաստանի ներկայ արտաքին քաղաքականութեան նուիրուած դասախօսութիւն մը։
ՄԱԿ-ի դիւանագիտութեան դաշնակցութեան (FDNU) նախաձեռնութեամբ եւ «YereMUN»-ի հետ գործակցաբար կազմակերպուած այս հանդիպումը վայելեց Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեանի ներկայութիւնը։ Բարձր մակարդակի այս զրոյցը, զոր վարեցին եւ համադրեցին FDNU-ի նախագահ Սիլվիօ Ֆասիանօն ու «YereMUN»-ի նախագահ Վրոյր Հլղաթեանը, առիթ ընծայեց խորութեամբ վերծանելու Կովկասը յուզող այժմու խնդիրները, միջազգային գործընկերներու հետ Երեւանի յարաբերութիւններու հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ հայկական դիւանագիտութեան բացած նոր հեռանկարները։ Որպէս ապացոյց այս հարցերուն նկատմամբ ցուցաբերուած բուռն հետաքրքրութեան, նշենք որ սրահը ամբողջութեամբ լեցուն էր «թիրախային» ունկնդիրներով՝ դիւանագիտական ասպարէզին պատրաստուող բազմաթիւ ուսանողներով, այսինքն՝ վաղուան դեսպաններով, որոնք եկած էին ծանօթանալու դաշտի իրականութեան։

Դեսպանը ընդգծեց, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը այսօր խորապէս ազդուած է Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապուած ողբերգական իրադարձութիւններէն եւ տարածաշրջանային անկայունութենէն (2020-ի 44-օրեայ պատերազմը, 2022-ին Ազերպայճանի յարձակումները եւ 2023-ին արցախահայութեան բռնի տեղահանութիւնը)։ Այս համապատկերին մէջ, Հայաստանի բացարձակ առաջնահերթութիւնն է կայունացնել կացութիւնը, երաշխաւորել մնայուն խաղաղութիւն մը եւ ապահովել իր ազգային անվտանգութիւնը՝ հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան լիակատար յարգումով։
Դէմ-յանդիման գտնուելով բազմակողմանի կառոյցներու տկարացման եւ իր աւանդական դաշինքներու յարուցած մարտահրաւէրներուն՝ Հայաստան որդեգրած է դիւանագիտական եւ անվտանգային յարաբերութիւններու բազմազանացման քաղաքականութիւն մը։ Այս քայլը, ինչպէս պնդեց ան, չի բխիր Ռուսաստանի դէմ ուղղուած կտրուկ շրջադարձի մը կամ վերջնական խզումի մը միտումէն, այլ առաւելաբար՝ կը հետապնդէ ռազմավարական եւ ճկուն նոր գործընկերութիւններ ստեղծելու կենսական նպատակը։ Այս «բացում»-ը կը դրսեւորուի Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Հնդկաստանի եւ Չինաստանի նման երկիրներու հետ կապերու ամրապնդումով, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ նկատելի մերձեցումով։
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւնները թեւակոխեցին պատմական, սերտ եւ հզօր փուլ։ Դեսպան Խաչատրեան ողջունեց պատմական զօրակցութիւնը Ֆրանսայի, որ այսօր դարձած է պաշտպանութեան մարզէն ներս Հայաստանի ամէնէն կարեւոր գործընկերներէն մէկը, եւ յայտարարեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիր մը աւարտական փուլի մէջ է ու պաշտօնապէս պիտի կնքուի Մայիսին։ Ֆրանսայի դերակատարութիւնը նոյնպէս վճռորոշ նկատուեցաւ ճգնաժամային ժամանակաշրջաններուն, յատկապէս երբ ան կը համանախագահէր Մինսքի խումբին։
Ան անդրադարձաւ նաեւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագրին, որ կը միտի վերականգնել տարածաշրջանային միջպետական կապերը՝ բանալով հաղորդակցութեան, առեւտուրի եւ ուժանիւթի ուղիները Հայաստանի եւ իր դրացիներուն՝ յատկապէս Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ։ Սակայն, ան կարեւորութեամբ յիշեցուց, որ այս ապաշրջափակումը պէտք է իրականանայ Հայաստանի սեփական տարածքին վրայ անոր գերիշխանութեան եւ իրաւասութեան բացարձակ յարգումով։
Ի վերջոյ, վերահաստատելով Հայաստանի հաւատարմութիւնը միջազգային իրաւունքին, դեսպանը նշեց, որ կայսերապաշտական նկրտումներ ունեցող երկիրներով շրջապատուած փոքր պետութեան մը համար միջազգային չափանիշերու յարգումը գոյատեւման եւ բարգաւաճման լաւագոյն երաշխիքն է։ Ան ընդգծեց նաեւ յետհակամարտային արդարադատութեան մարտահրաւէրները՝ դիտել տալով, որ հակառակ Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւններու ընթացքին կատարուած փոխզիջումներուն, մարդասիրական հարցերը, ինչպէս ռազմագերիներու վերադարձը, տակաւին կը մնան առկախ։
* * *

Որպէս եզրափակում յիշեցնենք, որ ՄԱԿ-ի դիւանագիտութեան դաշնակցութիւնը (FDNU) ֆրանսական ակադեմական միութիւն մըն է, որ կը նպատակադրէ ուսանողները կրթել դիւանագիտութեան եւ աշխարհաքաղաքականութեան մարզերուն մէջ, մինչ «YereMUN»-ը (Yerevan Model United Nations) նոյնատիպ կրթական նախաձեռնութիւն մըն է՝ երիտասարդութիւնը համաշխարհային հարցերու մէջ ներգրաւելու եւ միջազգային բանակցութիւններու նրբութիւններուն ծանօթացնելու համար։
ՇԱՆԹ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ ■

